ՕՆՆԻԿ ՇԱՆԿԱՅԵԱՆ

ՕՆՆԻԿ ՇԱՆԿԱՅԵԱՆ

ՕՆՆԻԿ ՇԱՆԿԱՅԵԱՆ

Եղբ. Օննիկ Շանկայեան ծնած է 1937-ին, Գոքինիա։ Փոքր տարիքէն ան կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարքերուն, ապա իր ծառայութիւնը կը շարունակէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վոլիպոլի խումբին մէջ: Ան կը հանդիսանայ առաջին մարզիկներէն, որ 1956-ին կը մասնակցի Յունաստանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին կազմակերպած յատուկ մրցաշարքին: Հակառակ անոր, որ արկածի մը հետեւանքով ան կը կորսնցնէ իր մէկ ոտքը, սակայն ան կ’ըլլայ վոլիպոլի լաւ մարզիկ եւ իրաւարար։

1950-1960 եղբ. Օննիկ մաս կը կազմէ մասնաճիւղին վոլիպոլի, ֆութպոլի եւ հեծելարշաւի խումբերուն եւ կ’արժանանայ բազմաթիւ մետալներու։

Երկար տարիներ մարզական գործունէութենէ ետք, եղբ. Օննիկ կը լծուի վարչական աշխատանքի եւ բազմիցս մաս կը կազմէ Գոքինիոյ մասնաճիւղին վարչութեան, իսկ 1970-1982՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան:

Իբրեւ հաւատաւոր Դաշնակցական, եղբ. Օննիկ միաժամանակ իր մասնակցութիւնը կը բերէ գաղութի ազգային-կուսակցական կեանքին՝ ծառայութեան խոր գիտակցութեամբ անդամ դառնալով զանազան կառոյցներու եւ վարչութիւններու։ Ծառայութեան իր ոգին ան կը փոխանցէ ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն։

Եղբ. Օննիկ ունէր իւրայատուկ յատկութիւն մը, զոր շատեր չէին հասկնար, սակայն կը զգային իր հետ գործակցութեան ժամանակ: Ան ուժ ու կորով կը ներշնչէր բոլորին: Դժուարութիւններու ժամանակ ազնիւ ժպիտը կը խրախուսէր բոլորը՝ չընկրկելու եւ միշտ դէպի յառաջ ընթանալու համար։ Անաղմուկ գործի մարդն էր ան։ Կը գործէր առանց իր անձը ցուցադրելու։ Առանց նիւթական կամ բարոյական իր աջակցութեան մասին խօսելու։

Առ ի գնահատանք միութենական իր երկարամեայ ծառայութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը 1993-ին իրեն կը շնորհէ «Ծառայութեան» շքանշան, իսկ 2 Փետրուար 2003-ին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը զայն կը պարգեւատրէ միութեան «Արժանեաց» շքանշանով։

Եղբ. Օննիկ Շանկայեան կը մահանայ 26 Յունուար 2019-ին։

Տարածենք