ՖԼՈՐԱ ԹԱՊԱԳԵԱՆ
ՖԼՈՐԱ ԹԱՊԱԳԵԱՆ
Հ.Մ.Ը.Մ.ական պասքեթպոլի մասին կարելի չէ խօսիլ՝ առանց յիշելու քոյր Ֆլորա Թապագեանի անունը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ոսկեայ սերունդի փայլուն ներկայացուցիչներէն մէկը, որ լիբանանեան պատերազմի արիւնալի մէկ հանգրուանին, 17 Օգոստոս 1985-ին, 50 ուրիշներու հետ զոհ գնաց ոճրային խափանարարութեան մը։
Քոյր Ֆլորա Գուտուլեան-Թապագեան ծնած է 12 Դեկտեմբեր 1949-ին, ազգանուէր ընտանիքի մը յարկին տակ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Անարատ Յղութեան Քոյրերու Հռիփսիմեանց վարժարանին եւ Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի մէջ։
1960-1961, ան մարզական առաջին փորձերը կատարած է Ճեմարանի մէջ, մարզանքի ուսուցիչ եղբ. Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեանի հսկողութեամբ։ Ճեմարանի պասքեթպոլի խումբին հետ ան կը մասնակցի միջ-վարժարանային մրցաշարքերու՝ խումբին ապահովելով փայլուն յաղթանակներ։
1964-ին, քոյր Ֆլորա կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղի պասքեթպոլի աղջկանց խումբին եւ այնուհետեւ կը դառնայ լիբանանեան մակարդակի աստղ մը։ Ան մնայուն ներկայութիւն կ’ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաջին հնգեակին մէջ՝ խմբակիցներ ունենալով Մարի Սարեանը, Սելլա Գահվէճեան-Թնճուկեանը, Սրբուկ Օհանեան-Սարգիսեանը, Յասմիկ Սաաթճեանը, Արմիկ Պատագեանը, Սոնա Պաղտասարեանը եւ Էլօ Տէմիրճեանը, որոնք մարզիչ եղբ. Ժագ Պոյաճեանի ղեկավարութեամբ կը դառնան անպարտելի՝ տիրանալով Լիբանանի ախոյեանութեան եւ բաժակի այդ տարիներու գրեթէ բոլոր տիտղոսներուն (1964-1975)։
Քոյր Ֆլորա ներկայութիւն կ’ըլլայ նաեւ պասքեթպոլի Լիբանանի ազգային խումբին մէջ, որուն կորիզը կը կազմեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզիկուհիները։ Իբրեւ Լիբանանի ազգային խումբին խմբապետուհի, 1973-ին, ան կը մասնակցի համաարաբական խաղերու, Ալճերիոյ մէջ։ Լիբանանի համալսարանականներու խումբին հետ, 1971-ին ան կը մասնակցի նախկին Չեխոսլովաքիոյ, 1973-ին՝ նախկին Եուկոսլաւիոյ, իսկ 1975-ին՝ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած համալսարանականներու պասքեթպոլի խաղերուն։
1972-ին քոյր Ֆլորա կը պսակուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի պասքեթպոլի տղոց խումբի խմբապետ եղբ. Հրայր Թապագեանի հետ եւ կը բախտաւորուի երեք զաւակով։
Բազմաթիւ յատկութիւններով օժտուած մարզիկուհի մըն էր քոյր Ֆլորա Թապագեան։ Ֆիզիքական սքանչելի պատրաստութեան տէր, ան կրնար խաղալ որեւէ դիրքի վրայ՝ ձեռք բերելով լաւագոյն արդիւնքներ։ Միաժամանակ, ան կարծր էր եւ ճկուն։ Մրցումներու ընթացքին իր կատարած տեղին միջամտութիւններով ան կը յաջողէր խումբը դուրս բերել նեղ կացութիւններէ՝ բարեշրջելով խաղին ամբողջ ընթացքը։
Վերջին շրջանին, քոյր Ֆլորա ամուսնոյն՝ եղբ. Հրայրի հետ կը ստանձնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Անթիլիասի մասնաճիւղի պասքեթպոլի խումբերուն մարզիչի պաշտօնը՝ երազ ունենալով զանոնք հասցնել մարզական բարձր մակարդակի։ Ափսո՜ս, որ ճակատագիրը 36 տարեկանին կ’ընդհատէ անոր երազն ու… կեանքը։