ԿԱՐՕ ՈՒՇԱԳԼԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան առաջին տարիներու ընդհանուր քարտուղար եւ «Հայ Սկաուտ»ի խմբագիր Կարօ Ուշագլեան ծնած է Քէօթահիա։ Ան իր շրջաբերականներով շարժումի մէջ դրած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ամբողջ վարչամեքենան եւ սկաուտական խումբերը։ «Հայ Սկաուտ»ի իր խմբագրականները ներշնչած են մեծ թիւով Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ։ Իր սերնդակիցներէն Տիգրան Ա. Քհնյ. Խոյեան կը վկայէ. «Գործ մը ունենալու համար չէր որ Կարոն ուսերուն վրայ առաւ այդ երկու պարտականութիւնները։ Ինք՝ կարողութիւններով եւ շէնշող բնաւորութեամբ կրնար շատ աւելի մեծ վճարումով գործ մը գտնել։ Անհաւատալիօրէն ծաւալած Հ.Մ.Ը.Մ.ը, իր սկաուտներով, նիւթական ծանր բեռան տակ էր։ Կարոն յօժարեցաւ 30 թրքական թղթադրամով գոհանալ, եւ միշտ զուարթ ու կատակախօս՝ իրեն վստահուած այդ շա՛տ կենսական գործը անտրտունջ, ընդհակառակն... միշտ բարձր ու գոհունակ տրամադրութեամբ եւ արժանաւոր կերպով տանիլ միչեւ 1922 տարին...»։

Ուշագլեան աշխատակցած է Շաւարշ Քրիսեանի «Մարմնամարզ»ին։ 1924-ին ան կ'անցնի Ֆրանսա, մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Փարիզի յաջորդական վարչութիւններուն։

1929-ին կը դառնայ Ֆրանսայի շրջանի քարտուղար, կրկին կը հրատարակէ «Հայ Սկաուտ»ը։ Երկու տարի ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական Ժողովին կ'ընտրուի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, դառնալով քարտուղար եւ միաժամանակ շարունակելով «Հայ Սկաուտ»ի խմբագրութիւնը։

ԿԱՐՕ ՈՒՇԱԳԼԵԱՆ ԿԱՐՕ ՈՒՇԱԳԼԵԱՆ

Privacy Preferences

When you visit any website, it may store or retrieve information through your browser, usually in the form of cookies. Since we respect your right to privacy, you can choose not to permit data collection from certain types of services. However, not allowing these services may impact your experience.