ՍԱՐԳԻՍ ԱԶՆԱՒՈՐԵԱՆ

1924 - 1985

Պարտաճանաչութեան, խստապահանջութեան եւ ամբողջական նուիրումի օրինակն է եղբ. Սարգիս Ազնաւորեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի լիբանանեան ֆութպոլի 1940-ական տարիներու աննման աստղը։

Եղբ. Սարգիս ծնած է 1924-ին, Պուրճ Համուտ։ Փոքր տարիքէն, ան աչքի կը զարնէ ֆութպոլի դաշտերուն վրայ իր ունեցած տպաւորիչ ելոյթներով։ 1945-ին, ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայացուցչական խումբին, խաղընկեր ունենալով իր կարգ մը դասընկերները, որոնց հետ ան կը կապուի եղբայրական անխզելի կապով, մինչեւ իր նահատակութիւնը՝ 23 Ապրիլ 1985, երբ զոհ կ’երթայ հայութեան թշնամիներու անարգ ոճիրին։

1940-ական տարիներու երկրորդ կիսուն, Լիբանանի ախոյեանութիւնը նուաճած անզուգական կազմին հետ, եղբ. Սարգիս Ազնաւորեան կը հանդիսանայ ամբողջական ընկերասիրութիւն, ինքնավստահութիւն, կորով եւ քաջութիւն ներշնչող մնայուն ներկայութիւն մը։ Ծայր աստիճան մաքրամաքուր եւ ֆութպոլը արուեստի վերածած այս մարզիկը կ’արժանանայ տեղացի մարզական պատասխանատուներու եւ մարզիկներու ամբողջական յարգանքին։ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը արժանաւոր կերպով կրող «երկաթէ գլուխով ֆութպոլիստ»ը կանաչ դաշտերուն վրայ յատկանշուած է իր հեզ ու բարեացակամ, բայց նաեւ՝ խիստ ու վճռական ներկայութեամբ։

1952-ին, եղբ. Սարգիս կը հեռանայ դաշտերէն, սակայն անցեալի իր շահագրգռութեամբ կը շարունակէ հետեւիլ իր պաշտած միութեան եւ անոր ֆութպոլի խումբին լուրերուն։

Օրինակելի Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը ըլլալու կողքին, պարտականութեան ճամբուն վրայ ոչ մէկ զոհողութեան դիմաց ընկրկող կուսակցականն էր եղբ. Սարգիս։ Երիտասարդ տարիքին ան մաս կազմած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերուն եւ գաղափարապաշտ մարդու ոգին արժեցուցած է իր կեանքի կենդանի օրինակով։ Երկար տարիներ եղած է Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ եւ խոնարհ հերոսի օրինակով անշահախնդրօրէն ծառայած է ի խնդիր Լիբանանի հայահոծ թաղամասերու պաշտպանութեան եւ ի սպաս հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն, արժանանալով բոլորին յարգանքին ու սիրոյն։

ՍԱՐԳԻՍ ԱԶՆԱՒՈՐԵԱՆ ՍԱՐԳԻՍ ԱԶՆԱՒՈՐԵԱՆ

Privacy Preferences

When you visit any website, it may store or retrieve information through your browser, usually in the form of cookies. Since we respect your right to privacy, you can choose not to permit data collection from certain types of services. However, not allowing these services may impact your experience.