ՎԱՐԴԱՆ ԲԱԽՇԵԱՆ
1965 - 1991
Նորանկախ Հայաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ական առաջին սերունդի հաւատաւոր ներկայացուցիչներէն մէկը կը հանդիսանայ եղբ. Վարդան Բախշեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երեւանի մասնաճիւղին առաջին ատենապետը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան հայրենի առաջին անդամը։
Եղբ. Վարդան Բախշեան ծնած է 1 Յունիս 1965-ին, Արմաւիր։ Եղած է Արցախեան ժողովրդային շարժումի ՀՈՒԴ (Հայ Ուսանողութեան Դաշինք) միաւորման հիմնադիրներէն։ 2 Դեկտեմբեր 1989-ին, Հայաստանի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վերընձիւղումէն ետք, եղբ. Վարդան կ’ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երեւանի մասնաճիւղի կազմութեան նախաձեռնողներէն մէկը եւ վարչութեան առաջին ատենապետը։ Ապրիլ 1991-ին, ան կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ե. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին եւ կ’ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։
16 Դեկտեմբեր 1991-ին, եղբ. Բախշեան կը նահատակուի Արցախի Հասանապատ գիւղի ազատագրման կռիւներուն։