ԿԱՐՕ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ

Եղբ. Կարօ Թիւթիւնճեան ծնած է 1943-ին, Հալէպ։ Ան Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարքերուն կ՚անդամակցի 1956-ին։ Պէյրութ փոխադրուելէ ետք, 1966-1982, մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդին, իբրեւ քարտուղար, ապա՝ ատենապետ։ 1983-ին կ՚ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ այնուհետեւ կը վերընտրուի երեք անգամ, մինչեւ 1999, 16 տարի ձեռնհասօրէն վարելով իր պաշտօնը։ 2003-ին, միութեան 8-րդ Պատգամաւորական Ժողովին, չորս տարուան շրջանի մը համար ան դարձեալ կ՚ընտրուի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, սակայն անակնկալ մահը՝ 16 Յունուար 2006-ին, պատճառ կը դառնայ որ ան չկարենայ ամբողջացնել իր պաշտօնավարութեան շրջանը։

Եղբ. Կարօ Թիւթիւնճեան 1979-1980 եղած է գլխաւոր խմբագիրը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդին «Հայ Սկաուտ» թերթին։ Այնուհետեւ ան իր ներդրումը ունեցած է միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագրական եւ վարչական աշխատանքներուն։ Հրատարակած է երկու գիրք. «Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարաբանութիւնը» եւ «Հ.Մ.Ը.Մ. եւ ազգային դէմքեր»։

Լիբանանի սկաուտութեան վերելքին իր ունեցած նպաստին համար, 2003-ին ան կը պարգեւատրուի Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին կողմէ։ Յետմահու, ան կ՚արժանանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանին։

ԿԱՐՕ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ ԿԱՐՕ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ

Privacy Preferences

When you visit any website, it may store or retrieve information through your browser, usually in the form of cookies. Since we respect your right to privacy, you can choose not to permit data collection from certain types of services. However, not allowing these services may impact your experience.