ՃՈՐՃ ՏԱՂԼԵԱՆ

Եղբ. Ճորճ Տաղլեան ծնած է Հալէպ, 15 Յունուար 1925-ին։ Հ.Մ.Ը.Մ.ին կ՚անդամագրուի մանկութեան տարիներուն։ Երիտասարդութեան ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի պասքէթի եւ վոլիպոլի խումբերուն, ու կը ճանչցուի իբրեւ փայլուն մարզիչ։

Եղբ. Տաղլեան Պուէնոս Այրէս կը հաստատուի Սեպտեմբեր 1948-ին։ Շուտով ան կ՚անդամագրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղւոյն մասնաճիւղին, ուր եւս մաս կը կազմէ վոլիպոլի, պասքէթի եւ փինկ-փոնկի խումբերուն։ Անմիջապէս կը նշանակուի մարզադաշտի վերակացու։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի հանդէպ եղբ. Տաղլեանի յանձնառութիւնը կ՚ըլլայ մնայուն եւ եռանդուն, վարչական կազմի անդամակցութեան բազմաթիւ առիթներով՝ 1952-1954, 1958-1959, 1963-1964 եւ 1972-1978։ 1978-1981 ան կը վարէ Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղին ատենապետութիւնը եւ մեծ դերակատարութիւն կ՚ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ստեղծման մէջ։

Իբրեւ պատգամաւոր, եղբ. Տաղլեան կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ա. Պատգամաւորական Ժողովին (Դեկտեմբեր 1974, Լիբանան)։ 1987-1991 ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան։

ՃՈՐՃ ՏԱՂԼԵԱՆ ՃՈՐՃ ՏԱՂԼԵԱՆ

Privacy Preferences

When you visit any website, it may store or retrieve information through your browser, usually in the form of cookies. Since we respect your right to privacy, you can choose not to permit data collection from certain types of services. However, not allowing these services may impact your experience.