ՏԻԳՐԱՆ ՈՍԿԵՐԻՉԵԱՆ

Կարելի չէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Դամասկոսի մասնաճիւղին պատմութեան մասին խօսիլ՝ առանց եղբ. Տիգրան Ոսկերիչեանի մասին խօսելու։ Եղբ. Տիգրան մասնաճիւղին եւ ամբողջ Սուրիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտական շարժումի կեդրոնական դէմքերէն մէկն է, որ 11 Դեկտեմբեր 1983-ին արժանացած է միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանին։

Եղբ. Տիգրան Ոսկերիչեան ծնած է 1917-ին, Տիգրանակերտ։ 1925-ին կ’անցնի Հալէպ, ապա Կիպրոս՝ ուսանելու Մելքոնեան հաստատութեան մէջ։ 1933-ին ան կ’աւարտէ Մելքոնեանը։ Կիպրոսի մէջ ուսման եօթը տարիներուն ընթացքին, ան աւագ խմբապետ եղբ. Լեւոն Աբգարեանի կողմէ կը մարզուի իբրեւ մարզիկ եւ սկաուտ։

1934-1936, եղբ. Տիգրան Վարիչ Առաջնորդի պաշտօնով մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղի Էշրէֆիէի սկաուտական խումբին։ 1936-ին վերջնականապէս կը հաստատուի Դամասկոս, ուր կը ստանձնէ մասնաճիւղին սկաուտութեան փոխ խմբապետի պաշտօնը։ Երկու տարի ետք, ան արդէն մասնաճիւղին խմբապետն է եւ սկաուտական բոլոր աշխատանքներուն ոգին եւ մղիչ ուժը։ Մեծապէս կը նպաստէ սկաուտական շարժումի վերելքին։ Հիմը կը դնէ մասնաճիւղին սկաուտական շեփորախումբին։

1959-ին, եղբ. Տիգրան Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Վարչութեան կողմէ կ’արժանանայ Աւագ Խմբապետի վկայականին։ 1972-ին, հայ սկաուտութեան հիմնադրութեան 60-ամեակին, Տհուր Շուէյրի բանակումին, միութեան սկաուտութեան երկարամեայ ծառայութեան համար, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Սկաուտական Խորհուրդը զայն կը պատուէ յիշատակի նուէրով։

Եղբ. Տիգրան Ոսկերիչեան երեք տասնամեակ երկարած իր բծախնդիր եւ հետեւողական աշխատանքով ջանադիրը եղած է սկաուտ խմբապետներու պատրաստութեան։ Ան մաս կազմած է Դամասկոսի մասնաճիւղի յաջորդական Սկաուտական Խորհուրդներու եւ ստանձնած է վարչական պատասխանատու պաշտօններ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը գնահատելով եղբօր երկարամեայ ծառայութիւնը միութեան՝ 16 Նոյեմբեր 1983-ին զայն պարգեւատրած է «Արժանեաց» շքանշանով։

Եղբ. Տիգրան Ոսկերիչեան կը մահանայ 15 Հոկտեմբեր 1989-ին։ 

ՏԻԳՐԱՆ ՈՍԿԵՐԻՉԵԱՆ ՏԻԳՐԱՆ ՈՍԿԵՐԻՉԵԱՆ

Privacy Preferences

When you visit any website, it may store or retrieve information through your browser, usually in the form of cookies. Since we respect your right to privacy, you can choose not to permit data collection from certain types of services. However, not allowing these services may impact your experience.