Թիւ 435 - «ՄԷԿԸ ԲՈԼՈՐԻՆ ԵՒ ԲՈԼՈՐԸ ՄԷԿՈՒՆ»
(Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՀԱՄԱԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ԿԱՌՈՅՑԻ
ՍՏԵՂԾՄԱՆ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)
Անկասկած, լուսամիտ մարդիկ էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի համագաղութային կառոյցը ստեղծողները։ Լաւ ծանօթ էին ազգային մեր իրավիճակին, մտայնութեան եւ գործելակերպին։
Գիտէին, որ մեր ցիր ու ցան վիճակը գոյութիւն ունի հակառակ մեր կամքին եւ դեռ պիտի շարունակէ գոյութիւն ունենալ… դարձեա՛լ հակառակ մեր կամքին։
Գիտէին նաեւ, որ ցիր ու ցան վիճակը վտանգ է մեր գոյութեան եւ կազմակերպ կեանքին։ Ցիր ու ցան վիճակը ժամանակի ընթացքին մարդոց մօտ կը յառաջացնէ հատուածական մտայնութիւն, «ինքն իր իւղով տապկուելու» ինքնաբաւութիւն եւ սեփական միջոցներով միայն տեղական կարիքները գոհացնելու տրամադրութիւն։
Երբ չկայ ընդհանրական նպատակ, կայ ինքնանպատակ կեանք։ Կան տեղայնական մտահոգութիւններ, անտեղի մրցակցութիւններ եւ հարցեր, որոնք կը մաշեցնեն մեծամասնութեան առօրեան, կը խլեն ահագին ճիգ ու ժամանակ… վասն ոչինչի։ Ինքնանպատակ ըլլալ կը նշանակէ մեկուսանալ, լճանալ եւ անխուսափելի կործանումի ճամբան բռնել։ Աւելի պատկերաւոր, կը նշանակէ վերածուիլ աւազի հատիկներու, որոնք առանց նպատակ ու արժէք ունեցող շաղախի, չեն կրնար որեւէ բան ոտքի պահել, ո՛ւր մնաց…կերտել։
Անպայման հեռատեսներ էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Անդրանիկ Ընդհանուր Ժողովը եւ առաջին Կեդրոնական Վարչութեան ընտրութիւնը կազմակերպողները, որովհետեւ անոնք կ’անդրադառնային,- եւ ճի՛շդ կերպով,- որ միայն ընդհանրական նպատակներու հետապնդումով եւ հաւաքական ճիգերու ներդրումով իմաստ կ’ունենան հայութեան ցիր ու ցան հատուածները։ Հայութեան սպառնացող մարտահրաւէրներուն ընդդէմ, բոլորը կոչուած են զիրար լրացնելու, իրարու աջակցելու, իրարու զօրացնելու եւ իրենց ծրագիրներն ու գործունէութիւնը իրարու հետ համակարգելու՝ յանուն ընդհանուրի շահին, հաւաքական նպատակին։
1974-ին միութեան համագաղութային կառոյցին ստեղծումը եւ 15 տարի վերջ՝ Հայաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ին միացումով համահայկական կառոյցի վերածումը ծառայեց ա՛յս նպատակին, համագաղութային մտայնութեան եւ գործի տարածման, «Մէկը բոլորին եւ բոլորը մէկուն» գործելակերպի որդեգրման, ի շահ միջ-գաղութային յարաբերութիւններու սերտացման, ամրապնդման ու զարգացման։
Թէեւ պէտք է խոստովանիլ, որ այս գործելակերպը բոլորովին նորութիւն մը չէր Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար։ Նորութիւնը անոր կանոնագրային հիմք եւ կառուցային ձեւ ստանալն էր։ Արդարեւ, ո՞վ կրնայ ժխտել 1920-ական եւ 1930-ական տարիներու Ս. Զատկուան միջ-մասնաճիւղային խաղերուն ազդեցութիւնը՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայութեան կեանքին։ Ո՞վ կրնայ ուրանալ 1937-էն սկսեալ համախմբողի դերը Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Պաղեստինի Շրջանային Վարչութեան, որ ժամանակի ընթացքին կազմակերպական իր հովանիին տակ առաւ նաեւ Յորդանանի շրջանը եւ 1960-ին դարձաւ Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Վարչութիւն, շատ աւելի լայնածիր առաքելութեամբ։
Հ.Մ.Ը.Մ.ը սակայն միայն Միջին Արեւելքի համար ստեղծուած միութիւն չէր։ Իր հիմնադրութեամբ իսկ ան Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն էր։ Ցիր ու ցան մասնաճիւղեր ունէր քիչ մը ամէն տեղ՝ Ամերիկաներէն մինչեւ Եւրոպա եւ հեռաւո՜ր Աւստրալիա։ Հետեւաբար, 1974-ի պատմական քայլը, իբրեւ պահանջ եւ պարտաւորութիւն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերը նախ իրարու կապեց եւ ապա՝ մէկ ու միեւնոյն կեդրոնին միացուց, այդպէսով միութեան բոլոր ուժերը, բոլոր միջոցները, ամբողջ եռանդն ու փորձառութիւնը ուղղելով մէ՛կ նպատակի, ինչ որ յատուկ իմաստ եւ նշանակութիւն տուաւ մասնաճիւղերու գոյութեան, հեռացուց զանոնք ինքնանպատակ գործունէութենէ, ստեղծեց ներքին միութիւն եւ միասնականութիւն, համախմբուածութիւն եւ զօրութիւն։ Զօրութիւն ո՛չ միայն միութեան այս կամ այն շրջանին, այլ մանաւանդ՝ անհատ միութենականին, որ ապրեցաւ արդար հպարտութիւնը պատկանելու հազարաւոր անդամներ հաշուող այս մեծ միութեան։
Ժամանակն է, եթէ ուշ չէ, գնահատելու համագաղութային կառոյցին միութեան թէ հայութեան ունեցած անփոխարինելի բարիքը։
Համագաղութային-համահայկական կառոյցը ջնջեց միութեան աշխարհասփիւռ միաւորներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնները եւ բոլորին պարզ դարձուց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ չկան առաջնակարգ ու երկրորդական շրջաններ, մեծ ու փոքր մասնաճիւղեր. առաջնութեան եւ մեծութեան ցուցանիշը բոլորին համար Հ.Մ.Ը.Մ.ի նպատակին իրագործման մասնակցութեան չափն է, ընդհանրական գործին կատարուած ներդրումն է։
Հ.Մ.Ը.Մ. անցնող 50 տարիներուն իրականացուց համագաղութային-համահայկական բնոյթի 100 նախաձեռնութիւն։ Շրջաններ, մասնաճիւղեր, հայութեան ցիր ու ցան հատուածներ 100 անգամ դուրս եկան իրենց տեղական-տեղայնական պայմաններէն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշին տակ, իրենց գործունէութեան կարկինը լայն բանալով, կարողացան նոյն աչքերով ու նոյն հեռանկարներով տեսնել անցեալը, ներկան ու վաղուան գալիքը։
Եւ դեռ, Կեդրոնական Վարչութիւնը կապ ու կամուրջ ունենալով, անցնող 50 տարիներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջաններ, մասնաճիւղեր 100 անգամ կապուեցան իրարու, միասնաբար՝ հայութեան եւ հայրենիքին։ Համագաղութային ձեռնարկներով անոնք եկան քով-քովի, ապրեցան գաղափարական նոյն ոգիով, ազգային նոյն խանդավառութեամբ եւ, իբրեւ մէկ մեծ ընտանիք, միութեան տուին տարբեր որակ ու մակարդակ՝
Համագաղութային նկարագիր ու հմայք։
Համահայկական ուժ եւ հեղինակութիւն։