ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ 12-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ
Շաբաթ, 15 Փետրուարի երեկոյեան տեղի ունեցաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերու նախապատրաստութեան առաջին առցանց հանդիպումը, որուն մասնակցեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներ, ինչպէս նաեւ՝ շրջաններու մարզական պատուիրակութիւններու պատասխանատուներ։
Հանդիպումին ներկայացուեցան այս ամառ, 24 Յուլիսէն 2 Օգոստոս 2025-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք մարզախաղերը, մասնակից խումբերը եւ մարզախաղերու ընթացքին նախատեսուած ձեռնարկները։
