Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՇՐՋԱՆՆԵՐԸ ԵՒՍ ՈՒՆԵՑԱՆ ՑԱՄԱՔԱՄԱՍԱՅԻՆ ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ԻՐԵՆՑ ՍԵՄԻՆԱՐԸ
Ամերիկեան եւ աւստրլական ցամաքամասերու սեմինարէն շաբաթ մը ետք, Ուրբաթ, 4 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան ժամը 8-ին (Փարիզի ժամով), Հ.Մ.Ը.Մ.ի Եւրոպայի ցամաքամասի շրջանները եւս ունեցան քարոզչական իրենց առցանց սեմինարը, մասնակցութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբայրներու, սեմինարի կազմակերպիչ՝ Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի ներկայացուցիչներու եւ Շրջանային, Մեկուսի եւ մասնաճիւղերու քարոզչական պատասխանատուներու, ընդամէնը՝ 39 մասնակից։
Իբրեւ նորութիւն, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ձեռնարկի մը առաջին անգամ ըլլալով իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Նիսի Հ.Մ.Ը.Մ.ի նորակազմ մասնաճիւղի հիմնադիր կազմի կարգ մը անդամները։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նիսի հիմնադիր կազմի անդամները ներկայացուց եւ միութեան կառոյցէն ներս բարի գալուստ մաղթեց Կեդրոնական Վարչութեան Եւրոպայի ներկայացուցիչ Ֆէտի Խաժակ Գազանճեան։
Ապա, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Վիգէն Աւագեան նշեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական վերջին Ընդհանուր Ժողովը քարոզչութիւնը նկատեց միութեան նպատակին հասնելու միջոցներէն մէկը։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է այդ միջոցին ձեւն ու աշխատանքի եղանակը յստակացնել ընդհանուր սկզբունքներով եւ շրջանային պայմաններու յատուկ պատշաճեցումներով։ Այդ պատճառով ալ կը գումարուին ցամաքամասային քարոզչական սեմինարներ, որպէսզի աշխատանքի եղանակի յստակացումով կազմուի միութեան քարոզչական համակարգը՝ մասնաճիւղեր-Մեկուսի եւ Շրջանային Վարչութիւններ-Կեդրոնական Վարչութիւն ուղղահայեաց եւ հորիզոնական կապերով։
Եղբ. Աւագեանի խօսքէն ետք, սեմինարը ընթացք առաւ չորս տարբեր նիւթով.-
- Հ.Մ.Ը.Մ.ի համաշխարհային պրէնտային ինքնութիւնը հանրութեան ներկայացնելու, շրջաններու յարմարեցումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը եւ գործիքները- զեկուցաբեր եղբ. Գէորգ Յակոբճեան։
- Նպատակային լսարանի գրաւման եւ ընդլայնման ձեւերու որդեգրում,օգտագործելով նորարար գործիքներ, ազդեցութեան եւ հասանելիութեան թուային չափանիշեր- զեկուցաբեր՝ եղբ. Նժդեհ Մկրտիչեան։
- Գաղութային եւ տեղական պաշտօնական լրատուական միջոցներու հետ սերտ յարաբերութիւններ պահպանել ու զօրացնել- եղբ. Վիգէն Աւագեան։
Սեմինարը վարեց քոյր Աստղիկ Աշըգեան։ Իր փորձառութիւններով սեմինարը հարստացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան Ֆրանսայի ներկայացուցիչ եղբ. Սեւակ Թորոսեան։
Յայտնենք, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նաւապտոյտի յանձնախումբին կողմէ սեմինարի առաջին բաժինին մասնակցեցաւ եւ նաւապտոյտի քարոզչական աշխատանքներուն մասին խօսեցաւ քոյր Լոռի Փիլիպոսեան։
Երկու ժամուան սեմինարը աւարտեցաւ մասնակիցներու կողմէ օգտակար ու գործնական շարք մը առաջարկներով։