Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԵՒ ՄԵԿՈՒՍԻ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒ ԱՏԵՆԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ՉՈՐՐՈՐԴ ԺՈՂՈՎԸ

Շաբաթ, 22 Փետրուար 2025-ի երեկոյեան ժամը 9-ին (Պէյրութի ժամով) տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններու ատենապետներու առցանց չորրորդ ժողովը, մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան բոլոր անդամներուն եւ միութեան 23 շրջաններու ատենապետներու։

Եռամսեայ դրութեամբ գումարուող առցանց այս ժողովին բացումը կատարեց Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան։ Ան շեշտեց նման ժողովներու կարեւորութիւնը՝ շրջանները իրազեկ դարձնելու համար համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական գլխաւոր ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն։ Եղբ. Խաչերեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այս ամրան Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերուն եւ Ամերիկեան ու Միջին Արեւելեան ցամաքամասերու սկաուտական բանակումներուն։

Photo

Photo

Photo

Քարոզչական բաժինով, Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչականի ներկայացուցիչ եղբ. Վիգէն Աւագեան եւ Կեդրոնական Վարչութեան տեղեկատուական արհեստագիտութեան պատասխանատու եղբ. Շանթ Տէմիրճեան ներկայացուցին միութեան վերաթարմացած եւ արդիականացած երկլեզու կայքէջը (https://www.homenetmen.org)։
Խօսք առաւ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ 2026-ի նաւապտոյտի ներկայացուցիչ եղբ. Մհեր Դաւիթեան եւ նշեց նաւապտոյտի մասնակցութեան եւ արձանագրութեան գլխաւոր կէտերը։

Աւարտին, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը պատասխանեց ժողովի մասնակից ատենապետներու հարցումներուն։

Photo

Photo

Ժողովը աւարտեցաւ երեկոյեան ժամը 11.30-ին։