Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՑԱՄԱՔԱՄԱՍԱՅԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ԱՌՑԱՆՑ ՍԵՄԻՆԱՐԸ- ԱՄԵՐԻԿԱՆԵՐ ԵՒ ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 28 եւ Շաբաթ, 29 Մարտ 2025-ի երեկոյեան ժամը 7-ին (Լոս Անճելըսի Ժամով) տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քարոզչական առցանց առաջին ցամաքամասային սեմինարը՝ Մ. Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան, Գանատայի, Հարաւային Ամերիկայի եւ Աւստրալիոյ շրջաններու քարոզչական պատասխանատուներու մասնակցութեամբ։
Կազմակերպող յանձնախումբին բարի գալուստի խօսքէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը փոխանցեց եղբ. Վիգէն Աւագեան։ Ան ողջունեց մասնակիցները եւ ներկայացուց սեմինարին նպատակը, որն է՝ ստեղծել համաչափ ձեւով, յստակ ուղղուածութեամբ եւ արժեչափերով համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական հանրային կապերու եւ քարոզչական համակարգ, ընդգծելով ցամաքամասային յատուկ ռազմավարութեան եւ համագործակցութեան ծրագիրի կազմութեան կարեւորութիւնը:
Անդրադառնալով համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական քարոզչական նախորդ առցանց սեմինարի եզրակացութիւններուն (Հոկտեմբեր 2024), երկու օրուան վրայ երկարած նիստերու ընթացքին արծարծուեցան հետեւեալ նիւթերը.-
- Հ.Մ.Ը.Մ.ի համաշխարհային պրէնտային ինքնութիւնը հանրութեան ներկայացնելու, շրջաններու յարմարեցումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը եւ գործիքները:
- Նպատակային լսարանի գրաւման եւ ընդլայնման ձեւերու որդեգրում՝ օգտագործելով նորարար գործիքներ, ազդեցութեան եւ հասանելիութեան թուային չափանիշեր:
- Գաղութային եւ տեղական պաշտօնական լրատուական միջոցներու հետ սերտ յարաբերութիւններու պահպանում եւ զօրացում:
- Ընկերային ցանցերու վրայ միութեան արժէքները արտացոլացնող, պատմութիւն ունեցող բովանդակութեան (content with narrative) պատրաստութիւն եւ տարածում:
- Ճգնաժամերու յատուկ ընկերային ցանցերու կառավարման ծրագիրի մշակում:
- Ցամաքամասային միջ-մասնաճիւղային փորձառութեան եւ հանրային կապերու վերաբերեալ ներքին բովանդակութեան փոխանակման հարթակի ստեղծում: