Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Քարոզչական Ա. Առցանց Սեմինար
Նորութիւն մը եւս։
Այս անգամ քարոզչական մարզին մէջ, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջաններ ցարդ կը գործէին անջատաբար, իւրաքանչիւրը իր հայեցողութեամբ եւ տեղական պայմաններու թելադրականութեամբ։ Կը պակսէր համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ընդհանուր ուղեգիծը, համադրումի եւ համակարգումի բաժինը, ինչ որ ընդհանրական մտահոգութիւն էր, տեւական պահա՛նջ։
Ահա, այդ մտահոգութեան եւ պահանջին գոհացում տալու համար, 6 եւ 13 Նոյեմբեր 2021-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը կազմակերպեց միութեան պատմութեան աննախընթաց այս սեմինարը, նոր սկիզբ մը նշելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի քարոզչական աշխատանքներու ծրագրաւորման, կազմակերպման եւ իրագործման աշխատանքներուն մէջ, թէ՛ իբրեւ գործելաձեւ եւ թէ՛ իբրեւ բովանդակութիւն, աւելի արդիական, ազդու եւ տարածուն քարոզչական մեքենայի մը ստեղծման առաջադրանքով։
Առցանց սեմինարին իրենց մասնակցութիւնը բերին միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի 26 շրջաններէն աւելի քան 50 քարոզչական պատասխանատուներ, վարչականներ եւ տեղեկատուութեան արհեստագիտութեամբ զբաղող մասնագէտներ։
ԲԱՑՈՒՄԸ
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական քարոզչական Ա. առցանց սեմինարին բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգներով։ Ապա, յանձնախումբի անդամ եղբ. Նժդեհ Մկրտիչեան հրաւիրեց Կեդրոնական Վարչութեան քարտուղար եւ քարոզչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ եղբ. Վիգէն Աւագեանը՝ փոխանցելու իր խօսքը։
Եղբ. Աւագեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անունով պաշտօնական բացումը կատարեց սեմինարին եւ ընդգծեց, որ միութեան պատմութեան մէջ աննախընթաց այս սեմինարը կու գայ շեշտելու քարոզչական աշխատանքներու կարեւորութիւնը եւ այդ աշխատանքները համադրելու, հունաւորելու եւ աւելի մասնագիտական հիմերու վրայ դնելու անհրաժեշտութիւնը։ Սեմինարը կը ջանայ առաջին անգամ ըլլալով ի մի բերել եւ արժեւորել միութեան քարոզչական աւանդական եւ արդի բոլոր միջոցները (տպագիր մամուլ, հրատարակութիւններ, ռատիոկայանի եւ պատկերասփիւռի հաղորդումներ, կայքէջեր, ընկերային ցանցեր եւ այլն) եւ ապահովել բոլորին ներդաշնակ ու համակարգուած գործունէութիւնը՝ միութենական յստակ սկզբունքներու հիմամբ։
Իր խօսքին մէջ եղբայրը շեշտեց, որ քարոզչութիւնը ինքնանպատակ չէ, ան կը ծառայէ կատարուած աշխատանքներու լուսաբանման ճամբով անդամահաւաքի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերու խտացման։ «Լաւ անդամահաւաք կ’ենթադրէ լաւ քարոզչութիւն, իսկ լաւ քարոզչութիւնը կը պահանջէ լաւ քարոզչական միջոց, ճիշդ եւ սերտուած քարոզչական քաղաքականութիւն», ըսաւ ան։ Ապա, եղբայրը հաստատեց, որ մինչեւ մօտիկ անցեալը կը խօսէինք Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական եւ մարզական ուժին մասին, սեմինարին ներկայութեան պատկերը իրաւունք կու տայ այսուհետեւ խօսելու նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քարոզչական ուժին մասին, որուն բաղադրիչներն են այստեղ ներկայ միութենականները»։
«Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ» ՏԵՍԱՆԻՒԹՈՎ ԵՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄՈՎ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքին յաջորդեց «Հ.Մ.Ը.Մ.ի քարոզչական աշխարհը» ծանօթացնող տեսանիւթին ցուցադրութիւնը, որմէ ետք քարոզչական յանձնախումբի ատենապետ եղբ. Գէորգ Յակոբճեան փաուըր-փոյնթով ներկայացուց միութեան աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերու քարոզչական աշխատանքներուն պատկերը՝ նախապէս պատրաստուած հարցարաններու պատասխաններուն հիմամբ։
ԱՌԱՋԻՆ ԵՐԵՔ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑՆԵՐԸ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի դիմատետրի էջով հանրութեան ներկայացուած առաջին նիստին յաջորդեց սեմինարին աշխատանոցներու բաժինը, ուր մասնակիցները առիթը ունեցան խմբակային դրութեամբ առցանց ծանօթանալու մասնագիտական հետեւեալ երեք նիւթերէն մէկուն.-
- «Ազդու հաղորդակցութեան հմտութիւններ»- զեկուցաբեր՝ լիբանանեան USJ համալսարանի դասախօս Լուիզա Պապոյեան-Ազէզեան։
- «Ազդու լրագրութեան հմտութիւններ»- զեկուցաբեր՝ քարոզչական յաձնախումբի անդամ եւ «Ազդակ» օրաթերթի պատասխանատու խմբագիր քոյր Նորա Բարսեղեան։
- «Հ.Մ.Ը.Մ.ը, լուսանկարչութիւնը եւ վիտէօ նկարչութիւնը»- զեկուցաբեր՝ քարոզչական յանձնախումբի անդամ եւ ստեղծագործ արհեստագիտութեան Թումօ կեդրոնի աշխատակից եղբ. Նժդեհ Մկրտիչեան։
Աշխատանոցներու աւարտին, մասնակիցները միացեալ նիստով մը լսեցին իւրաքանչիւր խմբակի ներկայացուցիչին զեկուցումը՝ փոխանցուած նիւթին գլխաւոր կէտերուն մասին, որմէ ետք կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ եղբ. Գէորգ Յակոբճեան ամփոփ գիծերով ներկաներուն պարզեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի քարոզչական գործունէութեան նորաստեղծ ուղեգիծին նախագիծը՝ առ ի ուսումնասիրութիւն եւ մինչեւ սեմինարի յաջորդ նիստ՝ քննութիւն։
ԵՐՐՈՐԴ ՆԻՍՏԸ
Շաբաթ, 13 Նոյեմբեր 2021-ի երեկոյեան տեղի ունեցան քարոզչական Ա. առցանց սեմինարին երրորդ եւ չորրորդ նիստերը, միացեալ եւ խմբակային դրութեամբ։
Երրորդ նիստը կատարուեցաւ սեմինարի բոլոր մասնակիցներու ներկայութեամբ եւ քննարկեց շատ այժմէական նիւթ մը՝ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխուժացումը ընկերային ցանցերու վրայ»։ Մասնագիտական եւ վիճակագրական զեկուցումներով հանդէս եկան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի ատենապետ եղբ. Գէորգ Յակոբճեան եւ յանձնախումբի անդամ եւ Picsart միջազգային ընկերութեան ընկերային ցանցերու բովանդակութեան արտադրութեան պատասխանատու քոյր Դալար Մազլումեան։
ԵՐԿՐՈՐԴ ԵՐԵՔ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑՆԵՐԸ
Չորրորդ նիստը դարձեալ յատկացուեցաւ առցանց աշխատանոցներու, ուր մասնակիցները առիթը ունեցան խմբակային դրութեամբ առցանց ծանօթանալու մասնագիտական հետեւեալ երեք նիւթերէն մէկուն.-
- «Փաստագրումի, արխիւի եւ թուայնացումի աշխատանքներ»- զեկուցաբեր՝ Հայաստանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի գիտաշխատող Միհրան Մինասեան։
- «Մարզիկ պաշտօնաթերթը. մարտահրաւէրներ եւ զարգացման կարելիութիւններ»- զեկուցաբեր՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր եղբ. Վիգէն Աւագեան։
- «Հ.Մ.Ը.Մ.ի կայքէջը»- զեկուցաբեր՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան տեղեկատուական արհեստագիտութեան աշխատանքներու պատասխանատու եղբ. Շանթ Տէմիրճեան։
Աշխատանոցներու աւարտին, մասնակիցները անգամ մը եւս միացեալ նիստով լսեցին իւրաքանչիւր խմբակի ներկայացուցիչին զեկուցումը՝ փոխանցուած նիւթին գլխաւոր կէտերուն մասին։
Յայտնենք, որ զեկուցումներուն մեծամասնութիւնը ներկայացուեցան փաուըր-փոյնթերով եւ տպաւորիչ կարճ տեսանիւթերով։
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏԻՆ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ԽՕՍՔԸ
Սեմինարին փակման եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան։ Եղբայրը նշեց, որ սեմինարը դարձակէտ մը նշեց միութեան պատմութեան մէջ՝ ցարդ կատարուող քարոզչական աշխատանքները դնելով աւելի ամուր, մասնագիտական եւ նորարար հիմերու վրայ։ Այսօր քարոզչական աշխատանքներու ժամանակաշրջանն է,- նկատել տուաւ եղբ. Նաճարեան,- յատկապէս քորոնայի պարտադրած առցանց գործունէութեան պայմաններուն մէջ։ Հ.Մ.Ը.Մ. ժամանակին հետ քայլ պահող միութիւն է եւ գիտէ իր կարողականութիւնները ճիշդ ձեւով ճիշդ տեղին օգտագործել։ Համակարգուած եւ նպատակաուղղուած աշխատանքը ազդու քարոզչութեան հիմնական գրաւականներն են,- հաստատեց ան,- իր խօսքին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնելով սեմինարին մասնակից շրջաններու ներկայացուցիչներուն, կազմակերպիչ յանձնախումբին, զեկուցաբերներուն եւ հրաւիրեալ մասնագէտներուն։
Երկու շաբթուան վրայ երկարած չորս նիստերէ եւ եօթը ժամուան քննարկումներէ ետք, սեմինարը իր աշխատանքները յաջողութեամբ աւարտեց՝ որդեգրելով միութեան քարոզչական մարզի գործունէութեան ուղեգիծին նախագիծը։