Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Քարոզչական Բ. Առցանց Սեմինար

Երեք տարի առաջ, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական առցանց առաջին համագումարով (6 եւ 13 Նոյեմբեր 2021) ազդանշանը տրուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քարոզչական աշխատանքներու մեկնարկին՝ միութեան քարոզչական միջոցներու մէկտեղումի, համադրումի եւ համակարգումի ճիգին։

Տարի մը առաջ, Հոկտեմբեր 2023-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական ԺԳ. Ընդհանուր Ժողովը կանոնագրային յօդուած մը բանաձեւեց քարոզչական աշխատանքի համար, իբրեւ միութենական նպատակներու իրագործման եօթը կարեւոր միջոցներէն մէկը։

Կը մնար այդ միջոցին ձեւ ու մարմին տալ, անոր աշխատանքի եղանակը յստակացնել, չափանիշները որոշել եւ պատասխանատուները ճշդել, ինչ որ կատարեց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական առցանց երկրորդ համագումարը, գործնական ու անմիջական քայլերով, ընդհանրական թէ ցամաքամասային մօտեցումներով։

Շաբաթ, 19 Հոկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 5-ին (Պէյրութի ժամով), ընթացք առաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական քարոզչական առցանց Բ. համագումարը, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, մասնակցութեամբ Շրջանային եւ Մեկուսի 21 շրջաններէ աւելի քան 50 քարոզչական պատասխանատուներու եւ ընկերային ցանցեր վարող քոյր-եղբայրներու։ Համագումարին ներկայ էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան դիւանի անդամներ եւ համագումարի կազմակերպիչ՝ Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի ներկայացուցիչներ։

ԲԱՑՈՒՄԸ

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ քարոզչական յանձնախումբի անդամ քոյր Նայիրի Ազարիկեան։ Ան ողջունեց ներկաները եւ հրաւիրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեանը՝ փոխանցելու իր խօսքը։

Եղբ. Խաչերեան իր խօսքը միութեան քարոզչական մեքենայի «կամաւոր զինուորներու վաշտ»ին ուղղելով ըսաւ, որ հարկ է քարոզչական մեր աշխատելաոճը դուրս բերել տեղական, շրջանային ցիր ու ցան վիճակէն եւ աշխարհին ներկայանալ իբրեւ համահայկական, մէկ ու հզօր ամբողջութիւն կազմող միութիւն։ Ան թելադրեց հասարակ յայտարարներ գտնել քարոզչական մեր մօտեցումներուն մէջ, ամէնուրեք ըլլալ պատշաճ ներկայութիւն, միշտ պահելով Հ.Մ.Ը.Մ.ական բարոյականութեան գլխաւոր արժէքները։

Յաջորդեց ծանօթացման բաժին մը՝ յանձնախումբի անդամներու եւ նման համագումարի մը առաջին անգամ մասնակցողներու։

ՆԱԽՈՐԴ ՔԱՌԱՄԵԱԿԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄԸ

Համագումարին առաջին զեկուցումը ներկայացուց Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի անդամ եղբ. Նժդեհ Մկրտիչեան։ Ան ներկայացուց յանձնախումբին նախորդ քառամեակին (2019-2023) կատարած գլխաւոր աշխատանքները եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ԺԳ. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին բանաձեւերը՝ քարոզչական մարզին վերաբերեալ։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԵԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Երկրորդ զեկուցումը ներկայացուց քարոզչական յանձնախումբի ատենապետ եղբ. դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան՝ նիւթ ունենալով «Հ.Մ.Ը.Մ.ի քարոզչութեան ռազմավարական ուղղութիւնները»։ Ան անդրադարձաւ հիմնական չորս ուղղութեան.-

ա. Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճանաչելիութեան եւ հասանելիութեան մակարդակը բարձրացնելու անհրաժեշտութիւն։

բ. Հ.Մ.Ը.Մ.ի թուային (Digital) ներկայութիւնը եւ ներգրաւուածութիւնը բարելաւելու կարիք։

գ. Զանգուածային լրատուամիջոցներու հետ մեր գործակցութիւնը զարգացնելու կարեւորութիւն։

դ. Շրջաններու միջեւ կապերը աւելի ամրապնդելու եւ շրջանային, ցամաքամասային թէ համաշխարհային մեր քարոզչութեան յաւելեալ թափ տալու անհրաժեշտութիւն։

Ի՞ՆՉՊԷՍ ԱՊԱՀՈՎԵԼ ՄԵՐ ՑԱՆՑԵՐՈՒՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ

Ապա, առաջին նիստին վերջին նիւթը ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան IT-ի՝ տեղեկատուական արհեստագիտութեան աշխատանքներու պատասխանատու եղբ. Շանթ Տէմիրճեան։ Ան բացատրեց «Ի՞նչպէս ապահովել մեր ցանցերուն անվտանգութիւնը»։

Բոլոր ներկայացումները կատարուեցան փաուըր փոյնթերով։

ԽՄԲԱԿԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Մէկուկէս ժամուան ներկայացումներէ ետք, առցանց համագումարին մասնակիցները բաժնուեցան երեք խմբակի (Միջին Արեւելք-Հայաստան-Արցախ, Եւրոպա, Ամերիկաներ-Աւստրալիա)։ Անոնք հրաւիրուեցան նոյն օրը եւ յաջորդող օրերուն առցանց առանձնաբար քննարկելու ներկայացուած նիւթերը եւ իւրաքանչիւրը իր ցամաքամասի պահանջներուն համաձայն մշակելու քարոզչական իր ուղղութիւնները, նկատի ունենալով միութեան քարոզչական ռազմավարութեան գլխաւոր չորս կէտերը եւ տեղական-տեղայնական իւրայատուկ պայմանները։

ԵՐԿՐՈՐԴ ՆԻՍՏԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Շաբաթ մը ետք, 26 Հոկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 5-ին (Պէյրութի ժամով), համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական քարոզչական առցանց Բ. համագումարը շարունակեց եւ աւարտեց իր աշխատանքները։

Նիստին սկիզբը, ներկաները ողջունեց եւ նիստը վարեց քարոզչական յանձնախումբի անդամ քոյր Նայիրի Ազարիկեան։ Ապա, ան հրաւիրեց նախորդ նիստին կազմուած խմբակներու ներկայացուցիչները՝ ներկայացնելու իրենց զեկուցումները։

Երեք խմբակներու ներկայացուցիչներ՝ եղբ. Րաֆֆի Հատիտեան (Գանատա), եղբ. Անտրէ Տատայեան (Փարիզ) եւ քոյր Դալար Պէպէճեան (Լիբանան) ներկայացուցին Ամերիկաներու, Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի խմբակներու քննարկումներուն արդիւնքները։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱԳԻԾԸ. Ի՞ՆՉ ԸՆԵԼ, Ի՞ՆՉ ՉԸՆԵԼ

Ապա, Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի անդամ քոյր Ռուբինա Խայեաթ-Եսայեան ներկայացուց «Հ.Մ.Ը.Մ.ի քարոզչութեան դիմագիծը. ի՞նչ ընել եւ ի՞նչ չընել» նիւթը («Visual idendity Dos and Don’ts»)՝ հիմնուելով վերջերս պատրաստուած յատուկ ուղեցոյցի մը վրայ։

ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄՆԵՐ

Յաջորդեց համագումարի կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ քոյր Աստղիկ Աշըգեանի ներկայացումը՝ քարոզչական աշխատանքներու գործնական եւ ճիշդ կերպով կատարման համար (Հ.Մ.Ը.Մ.ի հաղորդակցութեան եւ հանրային կապերու ուղեգիծ, 2023-2027-ի քառամեակի քարոզչական ռազմավարութիւն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի վերջին Ընդհանուր Ժողովի քարոզչական մարզի բանաձեւեր, միութենական տօնացոյց եւ այլն)։ Քոյրը այս առիթով նաեւ յայտարարեց ստեղծումը ցանցային երկու հարթակի, մէկ կողմէ իրարու կապելու համար միութեան բոլոր շրջաններու քարոզչական պատասխանատուները, իսկ միւս կողմէ լեզուական օժանդակութիւն տրամադրելու համար հայերէնով գրառումներ կատարելու դժուարութիւն ունեցող շրջաններուն։

ՓԱԿՈՒՄԸ

Առցանց համագումարի աշխատանքներու աւարտին, խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր եւ քարոզչական յանձնախումբին մօտ Կեդրոնական Վարչութեան կապ եղբ. Վիգէն Աւագեան։ Եղբայրը շնորհաւորեց կազմակերպիչ յանձնախումբը իր ժրաջան աշխատանքին եւ համագումարին յաջողութեան համար եւ ըսաւ, որ միութիւնը այս համագումարով հիմերը կը դնէ քարոզչական իր համակարգի ստեղծման՝ բրգաձեւ կառոյցով մը, որ կ’երկարի կեդրոնական քարոզչական յանձնախումբէն մինչեւ Շրջանային, Մեկուսի շրջաններու եւ ապա՝ մասնաճիւղերու քարոզչական յանձնախումբեր, բոլորը աշխատանքի նոյն ուղղութեամբ, մէկ միութեան պատկանելու եւ մէկ նպատակի ծառայելու գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ։

Իր խօսքին մէջ, եղբ. Աւագեան անգամ եւս շեշտեց համագումարի մասնակիցներուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի «կամաւոր բանակին քարոզչական վաշտը» ըլլալու իրողութիւնը եւ ըսաւ, որ այս «վաշտը» իր կարեւոր մասնակցութիւնը ունի միութեան 26 ճակատի՝ 26 շրջանի մէջ մղած մեծ պատերազմին, անմիջական ու արդիական միջոցներով հայը հայ պահելու աշխատանքին, մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար առողջ եւ հաւատաւոր երիտասարդութիւն կերտելու աշխատանքին մէջ։

Հուսկ, սեմինարը փակուեցաւ վեց ամիս ետք, շրջաններու քարոզչական պատասխանատուներու առաջին առցանց ժողովը կատարելու եւ ծրագրուած աշխատանքները հետապնդելու խոստումով։