Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Երիտասարդական Առաջին Համագումար

     Իր երկրորդ 100-ամեակի առաջին քայլով, Հ.Մ.Ը.Մ. կառուցային-կազմակերպական կարեւոր իրագործում մը կատարեց՝ սկաուտական եւ մարզական իր բաժանմունքներուն կողքին յառաջացնելով երիտասարդական բաժանմունք մը, որ մէկ կողմէ սկաուտական, մարզական շարքերը պիտի կամրջէ իր չափահաս անդամներու շարքերուն, իսկ միւս կողմէ՝ աշխատանքի նոր դաշտեր պիտի ստեղծէ 18-30 տարեկան անդամներու համար, որոնք բաւարար հետաքրքրութիւնն ու յանձնառութիւնը ունին հայ կեանքին առնչակից մնալու։

Երիտասարդական բաժանմունքի մը յառաջացման գաղափարը ծնած է 2011-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ժ. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին որդեգրուած ռազմավարական ծրագիրէն եւ 2016-էն ի վեր փորձարկուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու շրջանին մէջ։

     Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան հիւրընկալութեամբ, Ուրբաթ, 10 Մայիսի առաւօտեան ժամը 10-ին, Աթէնքի «Նովոթել» պանդոկի ժողովասրահին մէջ ընթացք առաւ միութեան երիտասարդական առաջին համագումարը, մասնակցութեամբ միութեան 17 շրջաններէ 37 երիտասարդ-երիտասարդուհիներու, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան անդամներու, ինչպէս նաեւ՝ համագումարին մասնակից վեց շրջաններու վարչական ներկայացուցիչներու՝ դէտի հանգամանքով։

ԲԱՑՈՒՄԸ

Երկօրեայ համագումարին բացումը կատարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգով, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Շուշիի ազատագրման կռիւներուն եւ ընդհանրապէս Արցախեան պայքարի ճակատներուն զոհուած ազատամարտիկներուն եւ հայկական բանակի զինուորներուն յիշատակը։

Ապա, մասնակիցները ծանօթացուցին իրենք զիրենք, մինչ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան ծանօթացուց համագումարին ներկայ Կեդրոնական Վարչութեան 12 անդամները (բանաւոր կը բացակայէր Փարիզէն եղբ. Անդրանիկ Պահարեան), «Մարզիկ»ի խմբագիրն ու Կեդրոնական Վարչութեան գործավարը։ 

Ծանօթացումէն ի յայտ եկաւ, որ համագումարին Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջանները ներկայ են հետեւեալ ներկայացուցիչներով.-

Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ¬ Սեւակ Նազարեան, Նելլի Ղազարեան, Դալար Մազլումեան։

Յունաստան- Արփի Փափազեան, Արա Ճանիկեան։
Կիպրոս- Փանոս Մկրտիչեան։
Լիբանան- Նժդեհ Մկրտիչեան, Սեւակ Քէթէնճեան։
Պաղտատ- Արա Եոնովիքեան։ Վարչական ներկայացուցիչ՝ Վարդան Սարգիսեան։
Գահիրէ- Կարին Կրպոյեան։
Արեւմտեան Մ. Նահանգներ- Շահան Աթմաճեան, Զեփիւռ Աւաննէսեան, Սօսէ Խաչատուրեան։ Վարչական ներկայացուցիչ՝ Սեւակ Կարապետեան։
Արեւելեան Մ. Նահանգներ- Լոռի Փիլիպոսեան, Նանար Քէօրքիւնեան, Մկրտիչ Արսլանեան։
Գանատա- Թինա Տարտարեան, Դալար Պալէոզեան, Դրօ Աթոլիկեան։ Վարչական ներկայացուցիչ՝ Լէոնի Սարմազեան։
Հարաւային Ամերիկա- Միքայէլ Տէմիրճեան, Սիլվա Արսլանեան, Սոֆիա Քէչեան։ Վարչական ներկայացուցիչ՝ Թամար Պլոյս Հոճաճանեան։
Աւստրալիա- Անի Պօղոսեան, Նարինէ Աքիլեան, Կիմա Եկորեան, Մայքըլ Գոլոգոսեան։ Վարչական ներկայացուցիչ՝ Կարպիս Գոլոգոսեան։
Լոնտոն- Թամար Աբրամեան, Անայիս Օհանեան։
Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանս- Նենսի Գալոյեան, Կասիա Օսկանեան։
Մարսէյ- Գայիանէ Տէր Պօղոսեան, Մելինէ Տէր Պօղոսեան։
Ալմելօ- Յակոբ Գասպարեան, Յովիկ Մովսէսեան։ Վարչական ներկայացուցիչ՝ Րաֆֆի Թերզեան։

Վիեննա- Յակոբ Սահակեան, Մարինա Փոսթաճեան։

Պուլկարիա- Սրբուհի Գաբրիէլեան։

Կազմուեցաւ համագումարին դիւանը եւ համագումարի աշխատանքները ընկերային ցանցերով ծանօթացնող յատուկ յանձնախումբը։ Իբրեւ նախագահներ, դիւանին մաս կազմեցին եղբայրներ Սեւակ Նազարեան (Հայաստան) եւ Նժդեհ Մկրտիչեան (Լիբանան)։ Իբրեւ քարտուղարներ անոնց միացան եղբայրներ Յակոբ Սահակեան (Վիեննայէն) եւ Շահան Աթմաճեան (Արեւմտեան Մ. Նահանգներէն)։ Ընկերային  ցանցերով զբաղող եռանդամ յանձնախումբը բաղկացաւ հետեւեալներէն.- քոյրեր Դալար Մազլումեան (Հայաստան), Սիլվա Արսլանեան (Հարաւային Ամերիկա) եւ եղբ. Մայքըլ Գոլոգոսեան (Աւստրալիա)։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հիւրընկալ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան անդամ քոյր Մարլէն Տաքէսեան։ Ան ողջունեց աշխարհի զանազան շրջաններէն Աթէնք ժամանած երիտասարդները եւ շեշտեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար երիտասարդութիւնը եղած է ու կը մնայ մնայուն ուշադրութեան առարկայ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ նկարագիր կը կերտուի, անհատականութիւն կը դարբնուի հաճելի եւ օգտակար մթնոլորտի մէջ։

Համագումարի աշխատանքներուն անդրադառնալով, քոյր Տաքէսեան յոյս յայտնեց, որ երիտասարդներ իրենց քննարկումներով ու առաջարկներով նոր թարմութիւն եւ աշխուժութիւն կու տան միութեան համահայկական աշխատանքներուն։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ

Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան։ Ան ըսաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի փառաւոր տօնակատարութիւններէն ետք, միութիւնը երկրորդ 100-ամեակի իր առաջին քայլը կ’առնէ երիտասարդական աննախընթաց համագումարով։ Մինչեւ օրս միութիւնը կը գործէ սկաուտական եւ մարզական թեւերով ու մեծաթիւ շարքերով։ Սակայն, երբ այդ շարքերը հասնին երիտասարդութեան հանգրուանին, եւ աւելի ճիշդը՝ 18-30 տարեկանին, ինչ-ինչ պատճառներով անոնք աշխատանքի դաշտ չեն գտներ իրենց դիմաց, հետզհետէ կը հեռանան միութենէն եւ հետագային քիչերն են միայն, որոնք տարիներ ետք կը վերադառնան եւ վարչական պատասխանատութիւններ կը ստանձնեն։ Հետեւաբար,- նշեց ան,- անհրաժեշտութիւնը զգացուեցաւ ստեղծելու միջավայր մը, ուր երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ կարենան իրենց գործունէութիւնը շարունակել, աշխատանքի կարելիութիւններ ստեղծել եւ իրենց կապուածութիւնը պահել միութեան հետ։

Շարունակելով, եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան յայտնեց, որ համագումարին գաղափարը ծնաւ նաեւ այլ մտահոգութենէ մը՝ մեր երիտասարդ տղաքն ու աղջիկները կանուխէն պատրաստել համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական հարցերու ծանօթացման եւ քննարկման։ Ի վերջոյ, այսօրուան երիտասարդները վաղուան մեր պատասխանատուներն են եւ միութեան Պատգամաւորական Ժողովի մակարդակով արծարծուած խնդիրները քննելը, անոնց մասին կարծիք յայտնելը եւ ապա համագումարին ճամբով այդ կարծիքները մինչեւ Պատգամաւորական Ժողով հասցնելը, անկասկած, որ օգտակար փորձառութիւն է։

Երրորդ եւ հիմնական նպատակը այս համագումարին,- շեշտեց եղբ. Մկրտիչեան,- օրուան հարցերը, մանաւա՛նդ երիտասարդութիւնը յուզող հարցերը, նոյնինքն երիտասարդութեան ակնոցով քննելն է եւ այդ հարցերուն նոր եւ արդիական լուծումներ գտնելն է։

Իր խօսքին մէջ, եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան հարց տուաւ, թէ ո՞ւր է այսօր հայ երիտասարդութիւնը այս բոլորին մէջ։ Մեր միութիւններուն մէ՞ջն է, շո՞ւրջն է, թէ մեր կեանքին գլխաւոր բացական է։ Իսկ ի՞նչ կ’ընենք մենք, իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ., իբրեւ շրջաններու միաւորներ, գաղութներ, դպրոցներ եւ եկեղեցիներ, ազգ ու պետութիւն, հայ երիտասարդութիւնը հաւաքական մեր կեանքին մէջ ներգրաւելու համար։

Ապա, եղբ. Մկրտիչեան աւելցուց. «Մինչեւ օրս մեր որդեգրած միջոցները սկսած են իրենք զիրենք սպառել։ Նոր իրականութիւնները կը թելադրեն նոր մօտեցումներ։ Ազգային-միութենական մեր կառոյցները կորսնցուցած են երբեմնի իրենց գրաւչութիւնը։ Անցեալի գործունէութեան դրամագլուխը սկսած է մաշիլ։ Միութենականութիւնը դադրած է ժառանգական յատկանիշ մը ըլլալէ։ Զաւակներ անպայման չեն հետեւիր իրենց ծնողներու օրինակին, որովհետեւ դաստիարակութիւն հասկացողութիւնը փոխուած է եւ հարցում մը սկսած է ինքզինք պարտադրել, թէ՝ աւանդական մեր արժէքները այլեւս որքանո՞վ կը համապատասխանեն նոր սերունդի մտահոգութիւններուն, պայմաններուն եւ սպասումներուն։ Երիտասարդութիւնը նորութիւն եւ արդիականութիւն կը փնտռէ իր շուրջ։ Այս բոլորը իրականութիւններ են, որոնց մասին անպայման պէտք է խօսիլ, ապա ծրագրել, որոշել եւ գործի անցնիլ նախկինէն աւելի արագ կշռոյթով, դաստիարակութեան եւ քարոզչութեան արդի մօտեցումներով, տեղեկատուական արհեստագիտութեամբ, կառուցային ժամանակակից յարմարութիւններով եւ մեր շրջապատին աւելի լայնօրէն բացուելու քաղաքականութեամբ» (խօսքին ամբողջութիւնը տեսնել էջ 4)։

ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԶԵԿՈՒՑՈՒՄՆԵՐԸ

Բացման պաշտօնական խօսքերէն եւ հիւրասիրութեան կարճ դադարէն ետք, համագումարը անցաւ զեկուցումներու ներկայացման եւ քննարկման։

Առաջին զեկուցումով հանդէս եկաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր եղբ. Վիգէն Աւագեան։ Ան ներկայացուց «Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդամակցութիւնը եւ քարոզչութիւնը երիտասարդութեան մօտ» նիւթը։

Եղբ. Աւագեան իր զեկուցումին սկիզբը հարց տուաւ, որ մինչեւ հիմա երիտասարդները ուրկէ՞ կու գային Հ.Մ.Ը.Մ.։ Իսկ եթէ այսօր չեն գար, ո՞ւր կ’երթան եւ ի՞նչ կ’ընեն անոնք։ Ապա, ներկայ երիտասարդութեան նկարագիրը ներկայացնելով, եղբ. Աւագեան բացատրեց, որ ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս պէտք է ներգրաւել երիտասարդութիւնը եւ ներգրաւելէ ետք՝ ի՞նչպէս պէտք է զայն պահել մեր մօտ։

Եղբ. Աւագեան ներկայացուց նաեւ քարոզչութեան աւանդական եւ նորարար ձեւերը եւ շեշտեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը եղած է ու կը մնայ գրաւիչ միութիւն մը, որովհետեւ ան ունի 100-ամեայ աւանդ ու փորձառութիւն, յաղթանակի հպարտութիւն, ընկերային ապահով միջավայր, ազգային մթնոլորտ, բարոյական արժէքներ, համահայկական կառոյց եւ համաշխարհային ճանաչում։  

Կէսօրուան ճաշի դադարէն ետք, երկրորդ զեկուցումը՝ «Մարզախաղերու դերը Հ.Մ.Ը.Մ.ի նպատակներու հետապնդման մէջ» նիւթը ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Վիգէն Քորթեան։

Եղբ. Քորթեան խօսեցաւ այսօրուան մարզական աշխարհին բնորոշ երեւոյթներուն մասին, ապա ան ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական գլխաւոր սկզբունքները, որոնք մարզիկ մը կը դարձնեն տիպար, օրինակելի եւ կարգապահ։

Եղբ. Քորթեան անդրադարձաւ նաեւ մարզիչներու դերակատարութեան եւ պատրաստութեան հարցին։ Ան նշեց, որ մարզիչի մը անձնական օրինակը շատ կարեւոր է իր խումբի անդամներուն համար։ Ան խօսեցաւ մարզական պատասխանատուներու եւ խորհուրդներու աշխատանքին մասին եւ հաստատեց, որ մարզական կեանքին յաջողութիւնը կախեալ է յիշեալ բոլոր ազդակներու յաջողութենէն եւ համագործակցութենէն։

Այնուհետեւ, երրորդ նիւթը՝ «Հայապահպանում»ը ներկայացուց Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հրայր Աւագ Քհնյ. Նիկոլեան։

Իր խօսքին սկիզբը Քահանայ Հայրը նկատել տուաւ, որ մեր վիզերէն կախուած միութենական փողկապը սովորական կապ մը չէ, որովհետեւ ան մեզ կը կապէ հայութեան եւ Հայաստանին։ Այդ փողկապը կ’ենթադրէ յանձնառութիւն եւ ծառայելու պատրաստակամութիւն։

Հայապահպանման գլխաւոր դժուարութիւնը,- դիտել տուաւ ան,- մեր երկակենցաղ ըլլալն է՝ ծագումով հայ, սակայն հպատակութեամբ այլ երկիրի քաղաքացի, ինչ որ մեզ կը դնէ կրկնակի պարտաւորութիւններու տակ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը հսկայական աշխատանք կը կատարէ հայապահպանման համար եւ այդ պատճառով ան հայ ժողովուրդի Սփիւռքի մեծագոյն նախարարութիւնն է իր մարզական, սկաուտական, ընկերային եւ մշակութային գործունէութեամբ, հաստատեց ան եւ յորդորեց երբեք չյուսահատիլ եւ «Յարատեւ կռիւ»ի տրամաբանութեամբ ընթանալ հոսանքն ի վեր, յաղթահարելով մեր դէմ ցցուած բոլոր դժուարութիւնները։

Համագումարին առաջին օրուան աշխատանքները վերջ գտան երեկոյեան ժամը 6.30-ին։

ԵՐԿՐՈՐԴ ՕՐՈՒԱՆ ԶԵԿՈՒՑՈՒՄՆԵՐԸ

Շաբաթ, 11 Մայիսին, համագումարը իր աշխատանքները շարունակեց առաւօտեան եւ յետմիջօրէի երկուքական զեկուցումներով։

«Գաղութներէ ներս ազգային ինքնութեան պահպանման դժուարութիւններն ու առաջարկուած լուծումները», ներկայացուց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան։

Իր նիւթին սկիզբը Մուրատ Փափազեան հարց տուաւ, որ ինչո՞ւ պէտք է հայ մնալ եւ մեր գաղութները պահել։ Ան պատասխանեց ըսելով, որ մեր հայ մնալը եւ գաղութ պահելը կը հետապնդէ քաղաքական նպատակ, որովհետեւ մենք ունինք վերադարձի հարց, պահանջատիրութեան եւ Թուրքիայէն մեր իրաւունքներու հատուցման հարց, Արցախի եւ Հայաստանի հզօրացման հարց եւ, վերջապէս, ամբողջ հայութիւնը ամբողջական Հայաստանի մէջ համախմբելու տեսիլք ու նպատակ։

Մուրատ Փափազեան շեշտեց, որ հայ մնալու համար ունինք թիրախներ, միջոցներ եւ ռազմավարութիւն։ Պէտք է անձնապէս պատրաստուիլ, որպէսզի մեզմէ իւրաքանչիւրը հայ դատի առաքեալ մը ըլլայ, ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դերը անփոխարինելի է, որովհետեւ ան կը համախմբէ մեր երիտասարդութիւնը, որ մեր ազգին խանդավառութեան եւ ուժի աղբիւրն է։

«Երկրորդ հարիւրամեակին Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները» նիւթը ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Բագրատ Եսայեան։

Եղբ. Եսայեան նախ ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան գլխաւոր արժէքները եւ հարց տուաւ, որ այսօր ի՞նչպէս կարելի է այդ արժէքները պահել ու զարգացնել համաշխարհայնացած մեր կեանքին մէջ։ Այսօր աւելի շատ պէտք է կեդրոնանալ անձնական հմտութիւններու զարգացման եւ ո՛չ թէ գիտելիքներու փոխանցման վրայ,- ըսաւ ան,- որովհետեւ գիտելիքները այլեւս ձեռք կը բերուին համացանցէն եւ տեղեկատուական զանազան աղբիւրներէ, մինչդեռ այսօրուան մարդը յաջողելու համար շատ աւելի պէտք ունի հմտութիւններու, անոնցմով աշխարհին բացուելու եւ իր ծնողներուն ու համայնքին օգտակար դառնալու համար։

Այս առիթով եղբ. Եսայեան հարց տուաւ, որ այսօր ի՞նչ որակի մարդ կը պատրաստենք արդեօք։ Համամարդկային ի՞նչպիսի արժէքներ կը փոխանցենք եւ ի՞նչպէս հետաքրքրական կը դարձնենք միութենական աշխատանքն ու միութենականութիւնը։

Յետմիջօրէին, համագումարին մասնակիցները լսեցին եւ քննարկեցին երկու նոր զեկուցումներ։ «Վաղուան կազմակերպութիւնը» նիւթը ներկայացուց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան։

Տէր Գէորգեան իր խօսքին սկիզբը մատնանշեց, որ որեւէ պատերազմ շահելու համար կարեւոր է չորս ազդակ.- բանակին բարոյական վիճակը, կլիման, աշխարհագրութիւնը եւ կազմակերպուածութիւնը (ղեկավարներու եւ զինուորներու մակարդակով)։ Ան ըսաւ, որ պէտք է յարմարիլ ստեղծուած անակնկալ կացութիւններու։ Պէտք է տեւաբար փոխուիլ, յառաջդիմել ու զարգանալ։

Վաղուան կազմակերպութեան յաջողութեան համար Տէր Գէորգեան շեշտեց համակիրներու, երիտասարդներու, կիներու եւ արհեստագիտութեան կարեւոր դերերը։ Ան ըսաւ, որ պէտք է բազմանալ՝ արդիականութիւնը պահելով, պէտք է աշխարհին բացուիլ՝ուրիշներուն եւս վստահելով։ Արհեստավարժ մօտեցումը, ստեղծագործ ոգին եւ նիւթական միջոցները բանալիներ են վաղուան կազմակերպութեան յաջողութեան համար, եզրափակեց ան։

«Հայաստանի եւ գաղութներու մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ անոնց յաղթահարման համար առաջարկուած լուծումները» նիւթով հանդէս եկաւ եղբ. Գէորգ Յակոբճեան։

Եղբ. Յակոբճեան հաստատեց, որ դժուարութիւններու լուծման համար հարկ է ախտաճանաչում կատարել, վերլուծել պատճառները, համապատասխան աշխատանք ծրագրել եւ ապա քննել, թէ որքանո՞վ մեր լուծումները իրենց նպատակին կը ծառայեն։ Ան ըսաւ, որ այսօր ամէնուրեք նկատելի է որակի նահանջ եւ նոր բան սորվելու դժկամութիւն։ Մենք մխրճուած ենք մեր անցեալին մէջ եւ կ’ապրինք տեւական ինքնաբաւարարման զգացում մը, որ հետզհետէ մեզ տեղքայլի ու ետքայլի կը մատնէ։

Եղբ. Յակոբճեան խաղերով իր նիւթին վերաբերող կարգ մը տեսութիւններ փորձարկեց մասնակիցներու հետ եւ, աւարտին, դժուարութիւններու յաղթահարման համար թելադրեց միութեան տէրը զգալ, միշտ աշխոյժ ու գործունեայ ըլլալ եւ աւելի լաւ վաղուան մը յոյսն ու պատկերացումը ունենալ։

Զեկուցումներու աւարտին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Վիգէն Դաւթեան ներկաներուն ծանօթացուց միութեան ռազմավարական ծրագիրին գլխաւոր բաժինները, որդեգրման ընթացքը եւ կիրարկման հանգրուանները։

ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ՓԱԿՈՒՄԸ

Համագումարը չփակուած, երեկոյեան ժամը 6-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան փոխ ատենապետ եղբ. Հայկազ Տէօքմէճեանի ընկերակցութեամբ, ժողովականներուն այցելեց եւ հայրական իր ողջոյնները փոխանցեց Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան։

Գեղամ Սրբազան իր ուրախութիւնը յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքի երիտասարդ ներկայացուցիչներուն մէջ գտնուելուն համար։ Ան ըսաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը արժանի է բոլորին յարգանքին եւ գնահատանքին։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը սրտամօտ է բոլորին։ Ուր որ Հ.Մ.Ը.Մ. կայ այնտեղ հայութիւն կայ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը գտնուի հայ կեանքին կեդրոնը։

Ապա, իր խօսքը ժողովականներուն ուղղելով, Գեղամ Սրբազան նշեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասարդական համագումարին քննարկած նիւթերը՝ հայ երիտասարդութիւնը եւ հայապահպանումը կը տագնապեցնեն բոլորը եւ, հետեւաբար, կարելի չէ չգնահատել նման համագումարի մը կազմակերպումը, որուն արդիւնքներէն պիտի օգտուին Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճամբով համայն հայութիւնը։

Գեղամ Սրբազանի այցելութենէն ետք, համագումարը առաւ կարճ դադար մը, որմէ ետք մասնակիցները իրենց կազմէն ընտրեցին երեք երիտասարդներ՝ խորհրդակցական ձայնով ներկայ գտնուելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի ԺԲ. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին (14-19 Հոկտեմբեր 2019, Հայաստան) եւ փոխանցելու համագումարին երիտասարդութեան կողմէ արտայայտուած միտքերը, մտահոգութիւններն ու առաջարկները։ Ընտրուեցան եղբայրներ Սեւակ Քէթէնճեան, Նժդեհ Մկրտիչեան եւ Շահան Աթմաճեան։

Հուսկ, երեկոյեան ժամը 7.30-ին, համագումարը փակուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի փակման խօսքով եւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով։

ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ԽՐԱԽՃԱՆՔԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Երեկոյեան, համագումարին կազմը ներկայ գտնուեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան Մայիսեան յաղթանակներու ժողովրդային ճաշկերոյթ-խրախճանքին, որուն մասնակցեցան նաեւ նոյն օրը Աթէնքի մէջ ընթացք առած Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի երիտասարդական միութիւններու խորհրդաժողովին մասնակիցները։