Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Երիտասարդական Երկրորդ Համագումար
2011-ին որդեգրուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի ռազմավարական ծրագիրը յատուկ ուշադրութեամբ անդրադարձաւ միութենական հատուածի մը, որ իբրեւ սկաուտ կամ մարզիկ, պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան Հ.Մ.Ը.Մ.ին մաս կազմելէ ետք, 18 տարեկանէն ետք շրջան մը ինքզինք «անգործ» կը զգայ, կը հեռանայ, եւ բաւական երկար ընդմիջումէ ետք միութենական գործունէութեան կը վերադառնայ, իբրեւ վարչական ծառայելու իր պատկանած միութեան եւ կամ, իբրեւ ծնողք, իր զաւակը առաջնորդելու հո՛ն, ուր ինք մեծցած եւ կազմաւորուած է։
«Անգործութեան» այս շրջանին լուծում մը գտնելու եւ 18-35 տարեկան երիտասարդներու ներուժը կարենալ օգտագործելու համար, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական Ժ. Ընդհանուր Ժողովը որոշեց միութեան մէջ յառաջացնել միջավայր մը, ուր կարելի ըլլայ համախմբել 18-35 տարեկան նախկին սկաուտները եւ մարզիկները, անոնց մասնագիտական կարողութիւնները, հմտութիւնները եւ միութենական հետաքրքրութիւնները ի սպաս դնելու համար միութեան աշխատանքներուն։
Զուգահեռ, որոշուեցաւ չորս տարին անգամ մը կազմակերպել երիտասարդական համագումարներ, մօտէն առնչուելու համար Հ.Մ.Ը.Մ.ական երիտասարդներով եւ լսելու համար անոնց մտահոգութիւնները, տագնապները եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկային ու ապագային կապուած անոնց պատկերացումները։ Չորս տարի առաջ, Մայիս 2019-ին, երիտասարդական նման համագումար մը, միութեան պատմութեան մէջ առաջինը, տեղի ունեցաւ Աթէնքի մէջ։ Չորս տարի ետք, Ապրիլ 2023-ին, երիտասարդական երկրորդ համագումարը տեղի ունեցաւ Նիկոսիոյ մէջ եւ մօտէն քննեց ընդհանրապէս հայ եւ մասնաւորապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ական երիտասարդութիւնը յուզող հարցերը՝ նոր օրերու լոյսին տակ, նոր լուծումներ գտնելու եւ աշխատանքի նոր գործադաշտեր ստեղծելու ճիգով մը։
Համագումարը ունեցաւ պաշտօնական բացման հանդիսութիւն, ժողովական եւ աշխատանքային նիստեր, ազգային հաստատութիւններու այցելութիւններ եւ ընկերային բաժիններ։
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄԸ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասարդական երկրորդ համագումարին բացումը կատարուեցաւ Ուրբաթ, 28 Ապրիլ 2023-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, պաշտօնական հանդիսութեամբ մը, որ ուղղակիօրէն սփռուեցաւ միութեան դիմատետրի էջէն։
Բացման հանդիսութեան յաջորդեց հիւրասիրութիւն։ Ապա, կարճ դադարէ մը ետք, համագումարը իր աշխատանքներուն սկսաւ կէսօրուան ժամը 12-ին, Նիկոսիոյ «Սեմիլի» պանդոկի սրահին մէջ։
ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ՄԵԿՆԱՐԿԸ
Համագումարին բացման խօսքով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան յայտնեց, որ երիտասարդութիւնը եղած է եւ կը մնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բոլոր նախաձեռնութիւններուն առանցքը։ Մեծ է երիտասարդութեան դերը Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխատանքներուն մէջ։ Չորս տարիէ ի վեր միութիւնը ստեղծած է երիտասարդական յատուկ ծրագիր, որ իր վերջնական ձեւը պիտի ստանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 13-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին, Հոկտեմբեր 2023-ին։ Այս համագումարը, ինչպէս նախորդը, բեմ է եւ առիթ, որպէսզի երիտասարդներ իրենց մտահոգութիւնները ներկայացնեն եւ զանոնք մինչեւ Պատգամաւորական Ժողով հասցնեն։ Արդարեւ, համագումարէն պիտի ընտրուին ներկայացուցիչներ, որոնք նիստերու ընթացքին արտայայտուած առաջարկները եւ մտածումները պիտի փոխանցեն Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողով։
Օրակարգի յաջորդ կէտով, համագումարի մասնակիցները ծանօթացուցին իրենք զիրենք, միութենական իրենց կենսագրութիւնը եւ մասնագիտական կրթութիւնը։ Պարզուեցաւ, որ ներկաներուն միջին տարիքը 23.7 է։ Համագումարին ներկայ են հետեւեալ շրջանները իրենց ներկայացուցիչներով.-
Արեւելեան Մ. Նահանգներ- Լիլիա Եուսէֆեան, Նարօտ Քէյվանեան։
Աւստրալիա- Մասիս Ղազարեան, Սարին Զէյթունեան, Զեփիւռ Կիլպոյեան։
Հարաւային Ամերիկա- Սոֆիա Թորգոմեան, Յակոբ Թութուշեան, Կարինէ Տէր Մարգարեան։
Յունաստան- Մարիամ Ծիրանեան, Ճորճ Սելիմեան։
Լիբանան- Արմէն Եղիայեան, Շահան Նաճարեան, Էւա Ղազարեան։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ- Արէն Ռէիսեան։
Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանս- Կասիա Վէքիլեան։
Մարսէյ- Մելինէ Տէր Պօղոսեան (միակ մասնակիցը, որ մասնակցած է նաեւ երիտասարդական Ա. համագումարին, Աթէնք, 2019-ին), Հայկ Մինասեան։
Սոտերթելիա- Նենսի Խաչատուրեան, Կարիկ Վարդանեան։
Ալմելօ- Ռազմիկ Արամեան։
Թիֆլիս- Ժանեթա Պաղտասարեան։
Կիպրոս- Պարէթ Գազանճեան, Ալէքս Գազանճեան, Կարպիս Չիլինկիրեան, Ծովինար Տէր Պետրոսեան, Վանա Հապէշեան։
Համագումարին ներկայ էին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան դիւանի անդամները եւ երիտասարդական ծրագիրի պատասխանատուները՝ եղբայրներ Վաչէ Նաճարեան, Վիգէն Աւագեան, քոյր Թալին Օրտողլեան եւ եղբ. Օշին Փիրումեան։ Հիւրընկալ Կիպրոսի Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԵՄ-ի Մեկուսի վարչութենէն ներկայ էին ատենապետ եղբ. Սարհատ Տէմիրճեան եւ ատենադպիր եղբ. Յակոբ Գազանճեան։ Ներկայ էր նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութենէն քոյր Ռուբինա Նալպանտեան։
Այս առիթով, հիւրընկալ շրջանի վարչութեան ատենապետ եղբ. Սարհատ Տէմիրճեան արտասանեց բարի գալուստի խօսք մը՝ յաջողութիւն մաղթելով համագումարի աշխատանքներուն։ Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ. «Այս համագումարին բոլորս հաւատարիմ պիտի մնանք միութեան սկզբունքներուն եւ պիտի որդեգրենք ծրագիրներ, որոնք պիտի սատարեն հայ պատանի-երիտասարդներու դաստիարակութեան։ Ծրագիրներ, որոնք պիտի օգնեն, որպէսզի անոնք ազգային գիտակցութեամբ մեծնան եւ նուիրումով ծառայեն իրենց ազգին ու հայրենիքին։ Այս համագումարին եկէք մեր արդար բաժինը բերենք, անշահախնդիր զոհողութեամբ, անխախտ ու անսասան հաւատքով։ Արժէքներ, որոնց շնորհիւ Հ.Մ.Ը.Մ. աւելի քան 100 տարի հարթեց իր ճամբուն վրայ ցցուած խոչընդոտները եւ իր քայլերը ուղղեց դէպի լաւն ու բարին, յոյս եւ ինքնավստահութիւն ներշնչելով իրերայաջորդ սերունդներու»։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԵՄ-ի ատենապետին խօսքէն ետք, համագումարը կազմեց իր դիւանը եւ ընտրեց քարոզչական եւ քուէախոյզ յանձնախումբերը։ Դիւանին մաս կազմեցին Մասիս Ղազարեան (Աւստրալիա) եւ Նարօտ Քէյվանեան (Արեւելեան Մ. Նահանգներ)՝ ատենապետներ, Շահան Նաճարեան (Լիբանան) եւ Նենսի Խաչատուրեան (Սոտերթելիա)՝ ատենադպիրներ։
Քարոզչական յանձնախումբը բաղկացաւ հետեւեալներէն.- Զեփիւռ Կիլպոյեան (Աւստրալիա), Ալէն Ռէիսեան (Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ), Կարիկ Վարդանեան (Սոտերթելիա), Էւա Ղազարեան (Լիբանան) եւ Կարինէ Տէր Մարգարեան (Հարաւային Ամերիկա)։ Քուէախոյզ յանձնախումբին մաս կազմեցին Ռազմիկ Արամեան (Ալմելօ), Յակոբ Թութուշեան (Հարաւային Ամերիկա) եւ Կասիա Վէքիլեան (Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանս)։
Ապա, ցուցադրուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած տեսանիւթ մը, ուր երիտասարդական նախորդ համագումարէն ընտրուած եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 12-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին մասնակցած հինգ երիտասարդներ՝ Նժդեհ Մկրտիչեան (Լիբանան), Սիլվա Ասլանեան (Հարաւային Ամերիկա), Դրօ Աթոլիկեան (Գանատա), Շահան Աթմաճեան (Արեւմտեան Մ. Նահանգներ) եւ Սեւակ Քէթէնճեան (Լիբանան) կը ներկայացնէին իրենց հաճելի եւ ուսանելի փորձառութեան տպաւորութիւնները։
ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԶՐՈՅՑ-ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐԸ
Համագումարի առաջին նիստին վերջին բաժինով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան փաուըր փոյնթով ներկայացուց «Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութիւնը երէկ եւ այսօր» նիւթը։
Նիւթին ներկայացումէն ետք, համագումարին մասնակիցները բաժնուեցան չորս խմբակի եւ իւրաքանչիւրը պարտականութիւն ստանձնեց SWOT-ի օրինակով քննելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի զօրութիւնները, տկարութիւնները, ունեցած առիթները եւ դիմագրաւած սպառնալիքները։ Խմբակները առանձնացան, պատրաստեցին իրենց վստահուած աշխատանքը եւ ապա ներկայացուցին համագումարի մասնակիցներուն։
Յաջորդեց կէսօրուան ճաշի դադարը։ Կէսօրին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ճաշի հիւրը եղաւ Կիպրոսի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեան։
Յետմիջօրէի ժամը 4-ին ընթացք առաւ համագումարին երկրորդ նիստը, որուն զեկուցաբերները եղան Կաթողիկոսական Փոխանորդը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԵՄ-ի վարչութեան ատենադպիր եղբ. Յակոբ Գազանճեան։
Արդարեւ, Խորէն Արք. Տողրամաճեան ներկայացուց «Հայ երիտասարդութիւնը իր տագնապներով եւ սպասումներով» նիւթը, իսկ եղբ. Յակոբ Գազանճեան փորձեց պատասխաններ գտնել, թէ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի կառուցային, կազմակերպական, դաստիարակչական եւ քարոզչական մօտեցումները որքանո՞վ կը պատշաճին մերօրեայ երիտասարդութեան ակնկալութիւններուն»։ Երկու նիւթերն ալ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին համագումարին մասնակիցներուն մօտ, առիթ տալով շահեկան զրոյց-քննարկումներու։
Համագումարին առաջին օրուան աշխատանքները իրենց աւարտին հասան երեկոյեան 6.45 անց։
Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՈՒՂԵՑՈՅՑԻՆ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄԸ
Շաբաթ, 29 Ապրիլի առաւօտեան, համագումարին երկրորդ օրուան առաջին նիստը յատկացուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասարդական ուղեցոյցին ծանօթացման։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ երիտասարդականի պատասխանատու եղբ. Օշին Փիրումեան փաուըր փոյնթով ներկայացուց «Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասարդական գործունէութեան շրջագիծը. քննարկում երիտասարդական ուղեցոյցի» նիւթը։ Եղբայրը իր նիւթով պարզեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ երիտասարդական միջավայր մը ստեղծելու շարժառիթները, այս գծով Պատգամաւորական յաջորդական Ընդհանուր Ժողովներու որոշումները եւ երիտասարդական ուղեցոյցի մշակման հոլովոյթը։ Եղբայրը նաեւ շեշտեց, որ երիտասարդական համագումար եւ երիտասարդական ուղեցոյց իրարմէ տարբեր, սակայն իրարու շաղկապուած նախաձեռնութիւններ են, որոնք կը նպատակադրեն 18-35 տարեկան Հ.Մ.Ը.Մ.ական նախկին սկաուտները եւ մարզիկները համախմբել եւ անոնց ներուժը օգտագործել միութեան զարգացման ի խնդիր։
Յաջորդ զեկուցումով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր եւ երիտասարդականի պատասխանատու եղբ. Վիգէն Աւագեան փաուըր փոյնթով ներկայացուց «Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասարդական ուղեցոյցը եւ նոր գործադաշտերու կարելիութիւններ» նիւթը։ Եղբայրը անդրադարձաւ մերօրեայ երիտասարդութեան դիմագիծին, հետաքրքրութիւններուն եւ պահանջներուն, նշելով այն բոլոր նորութիւնները, որոնցմով երիտասարդներ կրնան խանդավառուիլ, համախմբուիլ եւ գործել։
Ներկայացուած երկու նիւթերն ալ արժանացան լայն քննարկման։ Խմբակներու բաժնուած, մասնակիցները աշխատանքային յատուկ նիստերով սերտեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասարդական ուղեցոյցը եւ համագումարի կազմին դիմաց ներկայացուցին իրենց առաջարկները եւ տեսակէտները։
Կէսօրուան ճաշի դադարին համագումարի մասնակիցներուն այցելեց Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան։ Ան ներկայ գտնուեցաւ յետմիջօրէի նիստին եւ փաուըր փոյնթով ներկայացուց Կիպրոսի հայ գաղութին անցեալն ու ներկան, հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցելով կղզիին հայ բնակչութեան կազմութեան, թրքական ներխուժումին պատճառով կրած վնասներուն (1974) եւ այնուհետեւ վերականգնումի եւ վերածաղկումի հանգրուանին մասին։
Պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի ներկայացումէն ետք, օրակարգի վերջընթեր կէտը յատկացուած էր ընդհանուր առաջարկներու, իսկ վերջին կէտը՝ համագումարին կողմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 13-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի ներկայացուցիչներու ընտրութեան։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով, դէտի հանգամանքով, ներկայացուցիչ կրնային դառնալ մասնակիցներու քուէներու պարզ մեծամասնութեան արժանացող երեք երիտասարդ-երիտասարդուհիներ։ Ընտրութեան արդիւնքով ոչ ոք կարողացաւ ապահովել անհրաժեշտ թիւով քուէները։ Հետեւաբար, Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշեց բարձրագոյն քուէներ ստացած առաջին երեք մասնակիցները հրաւիրել Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողով։ Բայց տրուած ըլլալով որ երրորդ բարձրագոյն քուէն կը բաժնեկցէին երկու մասնակիցներ, հրաւիրեալներուն թիւը բարձրացաւ չորսի՝ Յակոբ Թութուշեան (Հարաւային Ամերիկա), Արմէն Եղիայեան (Լիբանան), Նենսի Խաչատուրեան (Սոտերթելիա) եւ Սարին Զէյթունեան (Աւստրալիա)։
Երկու օրուան նիստերէ ետք, Շաբաթ, 29 Ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 5-ին, համագումարը աւարտին հասաւ յիշատակի խմբանկարով եւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգի կատարումով։