Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՄԵՐԻԿԱՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՑԱՄԱՔԱՄԱՍԱՅԻՆ Ա․ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Կիրակի, 14 Դեկտեմբեր 2025-ի կէսօրին ժամը 12-ին (Միացեալ Նահանգներու ժամով) տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ամերիկաներու եւ Աւստրալիոյ ցամաքամասային Ա․ մարզախաղերու ծրագիրի պատասխանատուներուն հանդիպումը։

Հանդիպումին մասնակցեցան Ամերիկաներու եւ Աւստրալիոյ շրջաններու ատենապետները եւ մարզական պատասխանատուները։ Ներկայ գտնուեցան նաեւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ․ Յակոբ Խաչերեան, անդամներ քոյրեր Լիոնի Սարմազեան եւ Սիսիլիա Տաղլեան, եղբայրներ Մհեր Դաւիթեան, Վիգէն Աբէլեան, Վահէ Թանաշեան եւ Տիրան Վահրատեան։

Հանդիպումին արծարծուեցան Ամերիկաներու եւ Աւստրալիոյ ցամաքամասային Ա․ մարզախաղերու թուականի եւ վայրի կարելիութիւնները։ Յառաջացաւ ենթայանձնախումբ մը, որ պիտի վերջնականացնէ ծրագիրը եւ ներկայացնէ նշուած շրջաններուն, առ ի պատրաստութիւն 2027-ին կայանալիք ցամաքամասային Ա․ մարզախաղերուն։

#Homenetmen