Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԵՒ ՄԵԿՈՒՍԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՏԵՆԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Երկուշաբթի, 17 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 5-ին (Պէյրութի ժամով) տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային եւ Մեկուսի վարչութիւններու ատենապետներու առցանց եօթներորդ հանդիպումը, մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու եւ աւելի քան 25 շրջաններու ատենապետներու։

Հանդիպումին բացումը կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան։ Ան իր գնահատանքը յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի անցնող օրերու իրագործումներուն մասնակից վարչական պատասխանատուներուն եւ նշեց, որ բոլորին ճիգերուն առաւելագոյն լարումով կարելի եղաւ յաջողութեամբ պսակել հինգ մեծ ձեռնարկներ, որոնք արդարօրէն հպարտութեան առիթ կու տան իւրաքանչիւր հայու։

Նախքան զեկուցումներու անցնիլը, եղբ. Խաչերեան Կեդրոնական Վարչութեան IT-ի պատասխանատու եղբ. Շանթ Տէմիրճեանէն խնդրեց ամփոփ պատկեր մը տալ հինգ ձեռնարկներու քարոզչական արձագանգին մասին։ Եղբ. Տէմիրճեան յայտնեց, որ ծրագրուած ու հետեւողական աշխատանքով կարելի եղած է ընկերային ցանցերու մէջ գերազանցել համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու 5 միլիոնի հասանելիութիւնը եւ 30 օրուան ընթացքին հասնիլ 7.2 միլիոնի հասանելիութեան։ Ան յայտնեց նաեւ, որ 47 լրատուամիջոցներ անդրադարձած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական նախաձեռնութիւններուն։ Աւելի մանրամասնելով, ան աւելցուց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջանները միասնաբար ունեցած են 18 միլիոնի հասանելիութիւն։

Ապա, Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Մհեր Դաւիթեան, Թալին Օրտողլեան, Ֆէտի-Խաժակ Գազանճեան եւ Վիգէն Աւագեան յաջորդաբար զեկուցումներ ներկայացուցին 13 Յուլիսէն 2 Օգոստոսին իրագործուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաջին նաւապտոյտին, «Արարատեան» կարգին, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 13-րդ բանակումին, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական քարոզչական Ա. համագումարին եւ «Հայ մարզիկի օր»ուան մասին։ Զեկուցումներուն յաջորդեցին հարցում-պատասխաններ եւ տեսակէտներու փոխանակումներ։

Այնուհետեւ, կատարուեցան վարչական շարք մը փոխանցումներ։ Խօսուեցաւ միջ-դիւանական յառաջիկայ խորհրդաժողովին (5-6 Նոյեմբեր, Երեւան) եւ 2027-ին նախատեսուած ցամաքամասային մարզախաղերուն մասին (Միջին Արեւելք, Եւրոպա եւ Ամերիկաներ)։

Աւարտին, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը շեշտեց, որ միութիւնը ամբողջութիւն է, մասնաճիւղ կամ շրջան չէ։ Պէտք է միութեան համընդհանուր նպատակներուն ծառայող գործունէութիւն ունենալ եւ նշաձողը միշտ բարձր պահել, տեւաբար լաւը եւ լաւագոյնը ներկայացնելու համար մեր մեր ժողովուրդին։

#Homenetmen