ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հ.Մ.Ը.Մ. Լիբանանի մարզական 2026-2027 տարեշրջանին կը պատրաստուի լրջօրէն։ Իրենց փորձերուն սկսած են արդէն մասնաճիւղերու խումբերը, տարիքային խումբերը, ակադեմիաները եւ առաջին անգամ ըլլալով նաեւ կը կազմակերպուին Նաւասարդեան մարզախաղեր։

Այդ խումբերէն ոմանք տարիներէ ի վեր կը մրցէին ախոյեանական իրենց դասակարգերուն մէջ, յատուկ արտօնութեամբ շրջանցելով արհեստավարժ դրութեամբ չգործելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական Ժողովներուն որոշումները։ Այժմ, Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով անոնք կը դադրին արհեստավարժ դրութիւնը կիրարկելէ։

Իրենց յատուկ կարգավիճակով եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան տնօրինութեամբ կը շարունակեն գործել միայն պասքեթպոլի տղոց (Պէյրութ մասնաճիւղի) եւ աղջկանց (Անթիլիաս մասնաճիւղի) Ա. դասակարգի խումբերը, որոնց պատասխանատու կազմերուն եւ մարզիկներու շարքերուն մէջ կը կատարուին կարգ մը փոփոխութիւններ։

Փոփոխութիւնները բնական ու առողջ երեւոյթ են որեւէ միութեան որեւէ խումբին համար։ Անցնող աւելի քան 100 տարիներուն մարզական բազմաթիւ յանձնախումբեր, մարզիչներ եւ մարզիկներ իրենց ներդրումը ունեցած են միութեան մարզական կեանքին, իւրաքանչիւրը իր կարեւոր նպաստը բերելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաջողութիւններուն եւ այդ յաջողութիւններուն ստեղծած խանդավառութեան եւ մթնոլորտին մէջ։ Յաջողութիւններ, որոնք պայմանաւորուած չեն անձերով, այլ՝ միութենական հաւաքական աշխատանքով եւ շարունակականութեան սկզբունքին պահպանումով։

Առ այդ, կու գանք տեղեկացնելու, որ՝

ա) 2026-2027 տարեշրջանին Հ.Մ.Ը.Մ. Լիբանան պիտի շարունակէ պասքեթպոլի տղոց ու աղջկանց իր ներկայացուցչական խումբերով մասնակցիլ Լիբանանի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն։

բ) Հ.Մ.Ը.Մ. պիտի ունենայ լաւ արդիւնքներու ձգտող մրցունակ խումբեր, որոնք ճիգ պիտի չխնայեն իրենց յաջողութիւններով գրաւելու միութեան արժանավայել դիրքեր։

գ) Լիբանանեան պասքեթպոլի ֆետերասիոնին օրէնքներով՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի խումբերուն պիտի շարունակեն մաս կազմել օտար՝ ոչ-լիբանանցի խաղացողներ։

դ) Հ.Մ.Ը.Մ.ի պասքեթպոլի տղոց ու աղջկանց խումբերուն նոր մաս կազմող մարզիկ-մարզիկուհիներու անուններուն յայտարարութիւնը պիտի կատարուի պարբերաբար, պաշտօնական համաձայնութիւններու ստորագրութենէն անմիջապէս ետք։

Առ այդ, համակիրներ կրնան վստահ ըլլալ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական երթը, անցեալին նման, պիտի շարունակուի դէպի յաղթանակ ընթանալու մնայուն կամքով, անշահախնդիր նուիրումով եւ նորանոր յաջողութիւններով։

Հ.Մ.Ը.Մ. սկաուտական թէ մարզական բոլոր տեղեկութիւններու եւ նորութիւններու մասին լիբանանեան մարզասէր շրջանակները կը տեղեկացուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի ընտանիքին պաշտօնական տեղեկատուական միջոցներով եւ յայտարարութիւններով։

#Homenetmen