ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ «ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ» ԿԱՐԳԻ ՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ ԱՒԱՐՏԱԾ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը իր քառամեայ ծրագիրներուն մէջ կը նախաձեռնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան բարձրագոյն կարգին՝ «Արարատեան»ին կազմակերպման։
Այս նպատակով, Կեդրոնական Վարչութիւնը քառամեակին սկիզբը յառաջացուց յանձնախումբ մը, որ սկաուտական կորիզի ներկայացուցիչներուն հովանաւորութեամբ մշակեց 2023-2027 քառամեակի «Արարատեան» կարգի ծրագիրը, որուն տեսական բաժինը ընթացք առաւ Մայիս 2025-ին։
Դասընթացքին մասնակցեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ ընտանիքի 16 շրջաններէն 88 թեկնածուներ։ Տեսական հանգրուանը իր աւարտին հասաւ Նոյեմբեր 2025-ին։
Նկատի ունենալով մասնակիցներուն մեծ թիւը, յարմար նկատուեցաւ զանոնք բաժնել երկու խմբակի, ըստ աշխարհագրական դիրքի՝ Միջին Արեւելք-Եւրոպա եւ ամերիկեան ցամաքամաս։
Երկու խմբակներէն իւրաքանչիւրը երկշաբաթեայ հերթականութեամբ մասնակցեցաւ առցանց 11 հանդիպումներու, որոնց ընդհանուր թիւը հասաւ 22-ի։ Հանդիպումներուն ընթացքին փոխանցուեցան մասնագիտական նիւթեր, տեղի ունեցան անհատական, զոյգերով եւ խմբակներով աշխատանքներ, կլոր սեղանի քննարկումներ եւ այլն։
Դասընթացքը ներառեց հետեւեալ թեմաներով դասախօսութիւններ.-
- Ծանօթանալ միջազգային սկաուտութեան կանոնագրութեան եւ կառոյցին, աշխատելաձեւին եւ սկաուտութիւն կիրարկելու միջոցներուն (վարողներ՝ Սարա Ռիթա - Սամահ)։
- Հ.Մ.Ը.Մ.ի կանոնագիրը, ժողովները, ժողովական եւ վարչական կանոնները (վարող՝ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան)։
- Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութիւնը, նպատակը, կառոյցը (խմբային աշխատանք) եւ Հ.Մ.Ը.Մ. Արցախը (վարող՝ քոյր Սանտրա Վարդանեան)։
- Արդի աշխարհաքաղաքականութիւն եւ մարդկային իրաւունքներ (վարող՝ եղբ. Սեւակ Թորոսեան)։
- Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւն (վարող՝ Եղիկ Թաշճեան)։
- Ինքնութիւն եւ ազգային նկարագիր (վարող՝ Շաղիկ Խիւտավերտեան)։
- Ընկերային Հարցեր եւ Cybersecurity (վարողներ՝ Նորա Շիթիլեան եւ Ժիրայր Պէօճէքեան)։
- Ճգնաժամային գործընթաց եւ ղեկավարի հմտութիւններ (վարողներ՝ եղբայրներ Շահան Աթամճեան եւ Անտրէ Տատայեան)։
Տեսական բաժինը աւարտեցաւ 73 խմբապետներով, որոնք վեց ամսուան ժամանակաշրջանի մը մէջ պիտի մշակեն եւ կիրարկեն գործնական ծրագիրներ։
2023-2027 քառամեակի «Արարատեան» կարգը իր աւարտին կը հասնի Յուլիս 2026-ին, եռօրեայ հանդիպումով մը՝ Հայաստանի մէջ, ուր խմբապետները իրարու հետ կը բաժնեկցին գործնական հանգրուանին իրականացուցած իրենց ծրագիրները։
Կարգին տուչութիւնը տեղի կ’ունենայ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 13-րդ բանակումի բացման հանդիսութեան՝ 24 Յուլիս 2026-ին, Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» սկաուտական բանակավայրին մէջ։