ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ MEDIA LAB ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԿՆԱԿԷՏ՝ ՕԳՏԱՒԷՏ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԵԱՆ

Սովորական այցելութիւն մը չեղաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական քարոզչական Ա. համագումարի պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Media Lab, որ կը նկատուի իր մարզին մէջ հայկական աշխարհի ամէնէն յառաջատար կեդրոններէն մէկը։ Եզակի կեդրոն մը՝ իր տեսական ու գործնական դասընթացքներով, արդիական թեքնիք յարմարութիւններով եւ անուանի մասնագէտներով։ Նման կեդրոնի մը ծանօթութիւնը եւ տեղւոյն պատասխանատուներուն հետ գործակցութեան կարելիութիւններուն քննարկումը, անկասկած, նոր հորիզոններ կը բանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հանրային կապերու աշխատանքներուն դիմաց։

Այս առիթով շնորհակալութիւն Media Lab-ի պատասխանատուներ Նարեկ Ղազարեանին եւ Ստեփան Սարգսեանին, որոնք ճիգ չխնայեցին այցելութեան յաջողութեան համար։ Անոնք իրենց օգտաշատ բացատրութիւններով, ջերմ հիւրընկալութեամբ եւ դրական բարձր տրամադրութեամբ ենթահողը պատրաստեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-Media Lab գործակցութեան շարունակման եւ ապագայ ծրագիրներու իրականացման։