Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ Բանակումը Ընթացք Առաւ «Արարատի Համար` Կանգուն» Նշանաբանով
Երէկ` ուրբաթ, 24 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» սկաուտական բանակավայրին մէջ ընթացք առաւ համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումը` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի 26 շրջաններէն եւ Իրանի սկաուտական 4 միութիւններէն 900 բանակողներու:
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան պաշտօնական հիւրեր, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ եւ հիւրընկալ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան անդամներ: Հիւրերու շարքին էին Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Զաքարիա եպս. Բաղումեան, Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Նորա Արիսեան, Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Տիմա Հատտատ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային վարչութեան համաատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան, Ազգային վարչութեան անդամ Տիգրան Ճինպաշեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ Գեղամ Մանուկեան եւ Արթուր Խաչատրեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեան, ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարօ Քէշիշեան եւ վարչութեան անդամներ:
Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներուն կատարումով բարձրացան բանակումին մասնակից 30 պատուիրակութիւններու 23 երկիրներու դրօշները` Հայաստան, Արցախ, Արժանթին, Անգլիա, Աւստրալիա, Աւստրիա, Պուլկարիա, Քանատա, Ֆրանսա, Վրաստան, Գերմանիա, Իրաք, Իրան (ՀՄԱԿ Թեհրան, Սպահան, «Նայիրի» եւ «Սիփան» միութիւններ), Յունաստան, Երուսաղէմ, Յորդանան, Քուէյթ, Լիբանան, Հոլանտա, Շուէտ, Սուրիա, Ուրուկուէյ եւ Միացեալ Նահանգներ:
Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Զաքարիա եպս. Բաղումեան, բանակումի ընդհանուր խմբապետ Ռուբէն Նալպանտեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Ալեն Ասատուրեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան սկաուտական կորիզի ներկայացուցիչ Ֆետի-Խաժակ Գազանճեան եւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան:
Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Զաքարիա եպս. Բաղումեան բանակողները ողջունելով ըսաւ. «Բարի եկած էք հայրենիք ձեր ինքնութիւնը ամրացնելու, հայրենիքի հետ հաղորդուելու, իրարու հետ շփուելու համար եւ անմոռանալի յիշատակներով վերադառնալու ձեր երկիրները: Մենք բոլորս զօրաւոր ենք մեր հայրենիքով, հայոց պետականութեամբ եւ մեր հայկականութեամբ: Մեր կեանքը պայքար է, եւ այդ պայքարին մէջ կը յաղթեն անոնք, որոնք հոգիով ամուր են, մարմնով զօրեղ են եւ ունին կամք ու եռանդ: Մեր նախնիներու երազն էր ապրիլ ու արարել անկախ հայրենիքի մէջ: Մենք այսօր ունինք հայրենիք, որ կարիքը ունի բոլորիս գուրգուրանքին, փայփայանքին եւ սիրոյ: Մենք մեր հայրենիքը կը սիրենք ոչ թէ անոր համար, որ մեր հայրենիքն է, այլ որովհետեւ այս սրբազան հողին վրայ նահատակուած են մեր նախնիները»:
ՀՄԸՄ-ի պատմութեան եւ առաքելութեան անդրադառնալով` սրբազանը նշեց, որ ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրները տեսիլքը ունէին հայ ժողովուրդի նորահաս սերունդը համախմբուած տեսնելու ոչ միայն մարզախաղերու եւ սկաուտական շարժումի ճամբով, այլ նաեւ հողի զօրութեամբ: Անոնց համար կարեւոր էր ոչ միայն մարմնով զօրեղ ըլլալ, այլ նաեւ հոգիով: «Այսօր, մենք եկած ենք այո՛ ըսելու այդ տեսլականին եւ աւելիով ամրանալու մեր հոգիով ու ինքնութեամբ», եզրափակեց ան:
Բանակումի ընդհանուր խմբապետ Ռուբէն Նալպանտեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ բանակումին նպատակն է ազգային ու միութենական դաստիարակութիւն ջամբել եւ առիթ ստեղծել փոխադարձ ծանօթացման: Առ այդ, ծրագրուած են զանազան յայտագիրներ` հիմնուած մեր ազգային արժէքներուն եւ բանակումի նշանաբանին վրայ` «Արարատի համար` կանգուն»: Արարատի դիմաց համախմբուելով եւ ամէն օր լեռը դիտելով` սկաուտները ոչ միայն պիտի ապրին հայկական շունչով, այլ նաեւ պիտի մօտենան իրարու, ճանչնան զիրար եւ ամրապնդեն իրենց եղբայրական կապերը: Ան շեշտեց, որ մեր ամբողջ պատմութիւնը այս լերան շուրջ կը դառնայ, եւ մեր պարտականութիւնն է միշտ կանգուն մնալ, հաւատարիմ մնալ մեր ուխտին եւ պաշտպանել մեր ինքնութիւնն ու պատմութիւնը:
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Ալեն Ասատուրեան նկատել տուաւ, որ այս բանակումը սովորական հաւաք մը չէ, ան եզակի իրադարձութիւն է, որ տեղի կ՛ունենայ չորս տարին անգամ մը եւ մէկ յարկի տակ կը համախմբէ աշխարհի տարբեր ծայրերը ապրող հայ սկաուտները` մէկ գաղափարի, մէկ երդումի եւ մէկ հայրենիքի շուրջ:
«Այս տարի Բիւրականը իր գիրկը ընդունած է 900 ՀՄԸՄ-ականներ, որոնք ժամանած են աշխարհի 23 երկիրներէ, եկած են տարբեր ցամաքամասերէ, մշակութային տարբեր միջավայրերէ եւ սակայն միացած են սկաուտական դաւանանքի, մէկ ինքնութեան եւ մէկ լեզուի շուրջ»:
Իր խօսքը բանակողներուն ուղղելով` Աւատուրեան ըսաւ. «Այս օրերուն դուք ոչ միայն կ՛ապրիք սկաուտական կեանքով, այլ նաեւ կրկին ու կրկին կը ճանչնաք Հայաստանը` անոր բնութիւնը, պատմութիւնը, մշակոյթը: Կրկին ու կրկին կը բացայայտէք դուք ձեզ եւ այն մեծ ուժը, որ աշխարհի հայերը իրարու կը կապէ: Համոզուած եմ, որ այս բանակումը իւրաքանչիւրիդ համար կ՛ըլլայ նոր ընկերութիւններու, փորձառութեան, փոխադարձ ճանաչումի եւ ազգային միասնականութեան ամրապնդման կարեւոր օրրան»:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան սկաուտական կորիզի ներկայացուցիչ Ֆետի-Խաժակ Գազանճեան ըսաւ. «Մեր շուրջը նայելով կը տեսնենք հայութեան հզօր ու կենսունակ զարկերակը: Ու հոս` հայրենի սրբազան հողին վրայ, մեր բանակումը կ՛ընթանայ մէկ վսեմ նշանաբանով` «Արարատի համար` կանգուն»:
Այս առիթով, ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնց անսակարկ ու միասնական ճիգերով կարելի դարձաւ բանակումին յաջողութիւնը: Շարունակելով` ան հաստատեց. «ՀՄԸՄ-ը գործի՛ միութիւն է: Միութենական կեանքէն անդին` ան կեանքի դպրոց է, ուր կը պատրաստուին վաղուան առաջնորդներն ու ծնողները: ՀՄԸՄ-ը ակումբ մը չէ, այլ` սերունդներ կերտող դարբնոց է, ուր հայ մանուկն ու պատանին կը սորվին հայերէն մտածել, հայօրէն զգալ եւ հայօրէն ապրիլ:
«Այսօր,- շարունակեց ան,- աշխարհասփիւռ մեր կառոյցը` Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկաներ, Միջին Արեւելքէն մինչեւ Աւստրալիա, իր բազմաթիւ ծրագիրներով` բանակումներով, մարզական մրցաշարքերով, ընկերային յայտագիրներով, հանրային կապերու աշխատանքներով թէ երիտասարդական համագումարներով, ունի մէ՛կ գերագոյն նպատակ` վառ պահել հայու բոցավառ ոգին: ՀՄԸՄ-ը կը կերտէ առողջ մարմնով, առողջ միտքով եւ հզօր կամքով հայորդիներ, որոնք պատրաստ են ծառայելու նախ եւ առաջ իրենց ընտանիքին, միութեան, ապա` ազգին ու հայրենիքին»:
Այնուհետեւ, եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան, որ ըսաւ. «Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած գաղթականներու ժառանգորդ 3-րդ եւ 4-րդ սերունդներու զաւակներ, աշխարհասփիւռ ցրուած հայորդիներ` Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան «Կամաւոր բանակ»-ի տարազաւորներ ժամանած են մայր հայրենիք` միանալու Հայաստանի եւ Արցախի իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն, բանակելու եւ վերանորոգելու իրենց ուխտը` ծառայելու հայ ազգին, Հայաստանին եւ հայութեան արդար դատին:
«Սերունդ, որ ծնունդ առաւ եւ հասակ նետեց հայրենիքի վերանկախացման հրճուալից եւ բարեբաստիկ տարիներուն: Եւ կամ սերունդ, որ յաղթանակող հայու հպարտագին ցնծութեամբ երազներ ուրուագծեց ազատագրուած Արցախի ձեռքբերումով: Բայց նաեւ սերունդ, որ ականատեսն է մաշող հայրենիքի, բազմաթիւ շերտերով պառակտուած ազգի, վերագրաւուած Արցախի, ազգային արժեհամակարգի անկումի, մաշող սփիւռքի: Սակայն, յուսահատեցուցիչ այս խայտառակ մեր իրականութեան դէմ յանդիման ու հոսանքն ի վեր թիավարող, հորիզոններ նուաճելու կամքով ու վճռականութեամբ, ՀՄԸՄ-ի շարքերը կը մնան անկոտրում, աներեր, Արարատի նման անսասան: Դեռ չէ չորցած արմատը ՀՄԸՄ-ի ծառին եւ դեռ կու տայ ծիլեր»:
Ապա, ՀՄԸՄ-ի կենսունակութեան փաստերը ներկայացնելով, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը շեշտեց, որ, հակառակ ժողովուրդներու ապազգայնացում պարտադրել փորձող միջազգային փոթորիկներուն, որոնք դժբախտաբար իրենց աւերը գործած են նաեւ իր աւանդապահութեամբ բնորոշուած հայ ազգին հայրենիքէն ներս, ՀՄԸՄ-ը եւ ՀՄԸՄ-ականները, ամէնուրեք, ամուր կառչած պիտի մնան իրենց ազգային սկզբունքներուն ու մեր հաւատամքին: Մե՛ր ծառին:
«Հակառակ նիւթապաշտութեամբ բնորոշուող եւ շպարումներով հրապոյր առթող բազում-բազում խաբկանքներու, ՀՄԸՄ-ը պիտի մնայ աշխուժ իր իրապաշտական աշխատանքներու ծրագրումներով եւ կամաւոր բանակի նուիրումի հիմքով գործելու սկզբունքով, պատրաստելու եւ կազմաւորելու համար վաղուան հայը` իր քրտինքով ու կամքով գագաթներ նուաճող ՀԱՅ-ը: Արարատը տուն վերադարձնող հայը:
«Հակառակ մեր թշնամիներուն եւ կեղծ ու կեղծաւոր բարեկամներու ծաւալապաշտական անյագ ախորժակները բաւարարող նկրտումներուն, ՀՄԸՄ-ը եւ ՀՄԸՄ-ականները, աւելի քան երբեք վճռական, կառչած պիտի մնան անժամանակ մեր իրաւունքներուն.
«Հատուցու՛մ մեր նահատակ սուրբերու թափուած արեան:
«Իրականացու՛մ Արցախով ու Արեւմտեան Հայաստանով ամբողջական հայրենիքի», պատգամեց Յակոբ Խաչերեան:
Խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ սկաուտական բարձրագոյն` «Արարատեան» կարգի կրծքանշաններու եւ հաստատագիրներու տուչութիւն բարձրաստիճան այն 59 խմբապետ-խմբապետուհիներուն, որոնք անցնող օրերուն Աղվերանի մէջ մասնակցեցան կարգի գործնական փուլի վերջին փուլի եռօրեայ սեմինարին:
Բացման հանդիսութիւնը վերջ գտաւ բանակումի երգով (խօսք եւ երաժշտութիւն` Սեւակ Նազարեանի, գործիքաւորում` Յարութ Երէցեանի, կատարում` Սուրէն Աճէմեանի):