Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՑԱՄԱՔԱՄԱՍԱՅԻՆ ԱՌՑԱՆՑ ԺՈՂՈՎՆԵՐԸ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Ուրբաթ, 15 եւ Շաբաթ, 16 Մայիսին տեղի ունեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի շրջաններու պատասխանատուներու առցանց ժողովները, որոնց մասնակցեցան նաեւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 13-րդ բանակումի մասնակից պատուիրակութիւններու քարոզչական պատասխանատուները եւ բանակումի ընկերային ցանցերու յանձնախումբին անդամները։ Շաբաթ, 16 Մայիսի ժողովին ներկայ գտնուեցաւ եւ իր ողջոյնի խօսքը արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան։ Ժողովներուն ներկայ եղան տուեալ շրջաններու Կեդրոնական Վարչութիւններու ներկայացուցիչները՝ քոյրեր Թալին Օրտողլեան, Սանտրա Վարդանեան, Ֆէտի-Խաժակ Գազանճեան եւ Սեւակ Թորոսեան։ Ընդամէնը՝ 50 մասնակից։

Ժողովներուն բացումը կատարեց Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի ատենապետ եղբ. Գէորգ Յակոբճեան։ Եղբայրը ողջունեց ներկաները եւ շեշտեց նման ժողովներու կարեւորութիւնը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր եւ քարոզչականի պատասխանատու եղբ. Վիգէն Աւագեան ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական ընտանիքին վերջին վեց ամսուան քարոզչական նորութիւնները (միութեան կայքէջի սպաներէն տարբերակի հրապարակում, «Հայ սկաուտի օր»ուան եւ Ապրիլ 24-ի ոգեկոչման քարոզչական նախաձեռնութիւններ, ել-թերթի յաջորդական թիւեր, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 13-րդ բանակումի քարոզչական աշխատանքներ եւ այլն)։ Եղբայրը նշեց, որ 2023-2027 քառամեակի գլխաւոր իրագործումը պիտի ըլլայ միութեան քարոզչական համակարգին ստեղծումը՝ բրգաձեւ իր կառոյցով, Կեդրոնական Վարչութեան յանձախումբէն մինչեւ Շրջանային, Մեկուսի Վարչութիւններու եւ մասնաճիւղերու քարոզչական յանձնախումբեր։

Ապա, խօսք առաւ Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի ատենապետ եղբ. Գէորգ Յակոբճեան եւ ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ի քարոզչական Ա. համագումարը, որ տեղի պիտի ունենայ 20-22 Յուլիս 2026-ին, Երեւան։ Եղբ. Յակոբճեան անդրադարձաւ համագումարի օրակարգին, հայրենի մամուլին հետ նախատեսուած հանդիպումներուն եւ քարոզչական տարբեր բնոյթի նախաձեռնութիւններուն։

Աւարտին, փաուըր փոյնթով մը հանդէս եկաւ Կեդրոնական Վարչութեան IT-ի պատասխանատու եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 13-րդ բանակումի ընկերային ցանցերու յանձնախումբի աշխատանքները գլխաւորող եղբ. Շանթ Տէմիրճեան։ Եղբայրը խօսեցաւ բանակումի քարոզչական լայնածիր աշխատանքներուն, յանձնախումբ-շրջաններ գործակցութեան եւ շրջաններուն կողմէ ակնկալուած աշխատանքներուն մասին։ Եղբայրը շեշտեց, որ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերու քարոզչական նիւթերը ինսթակրամի վրայ արժանացան չորս միլիոն դիտումի, իսկ դիմատետրի մէջ՝ մէկ միլիոն դիտումի։ Եղբ. Տէմիրճեան յայտնեց, որ մեզի համար մարտահրաւէր պիտի ըլլայ խորտակել այդ թիւերը եւ բոլորին գործակցութեամբ, ծրագրեալ ու հետեւողական աշխատանքով համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 13-րդ բանակումին գերազանցել այդ թիւերը։

16 Մայիսին, Եւրոպայի քարոզչական պատասխանատուներու ժողովի աւարտին խօսք առնելով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան յայտնեց, որ ժողովին մասնակիցները առաքելութիւն մը ունինք կատարելիք՝ միութեան մեծ առաքելութեան շրջագիծին մէջ։ Ընելիք գործ կայ եւ քանի մը ամիս ետք հաշուետուութիւն կայ, թէ իւրաքանչիւրս ի՞նչ ըրինք եւ ի՞նչ չըրինք։ Հարկ է կատարուելիք գործին հանդէպ ցուցաբերել համապատասխան լրջութիւն եւ եռապատկել ու քառապատկել համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական վերջին մարզախաղերուն արձանագրուած թիւերը։

Յայտնենք, որ քարոզչական պատասխանատուներու տարածաշրջանային վերջին ժողովը, յատուկ՝ Ամերիկայի եւ Աւստրալիոյ պատասխանատուներուն, տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 22 Մայիսին։