Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԱՅՔԷՋԸ ՀԱՍԱՆԵԼԻ ՆԱԵՒ ՍՊԱՆԵՐԷՆՈՎ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի կայքէջը՝ Homenetmen.org-ը դարձած է եռալեզու եւ հայերէնի ու անգլերէնի կողքին այսուհետեւ հասանելի է նաեւ սպաներէնով։
Հարաւային Ամերիկայի ու յատկապէս Արժանթինի եւ Ուրուկուէյի Հ.Մ.Ը.Մ.ականները www.homenetmen.org/es/ հասցէին շնորհիւ կարելիութիւնը ունին դիւրութեամբ ծանօթանալու իրենց միութեան պատմութեան, կազմակերպութեան եւ գործունէութեան զանազան բաժիններուն (սկաուտական, մարզական, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթ եւ այլն)։
Այցելուներ կայքէջի առցանց գիրքերու բաժինին մէջ կրնան գտնել միութեան գլխաւոր հրատարակութիւններուն սպաներէն թարգմանութիւնները, ինչպէս օրինակ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ծրագիր-Կանոնագիրը, փրոթոքոլային ուղեցոյցը, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագրականներու առաջին եւ երկրորդ հատորները, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի 75-ամեայ պատմութեան հատորը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակին առիթով լոյս տեսած «Դէպի յաղթանակ» գիրքը, Հայկ Դեմոյեանի «Հայկական սպորտը եւ մարմնակրթութիւնը Օսմանեան կայսրութիւնում» գիրքը եւ դաստիարակչական ու պատմական այլ գիրքեր։
Կայքէջին բոլոր նիւթերուն եւ հրատարակութիւններուն սպաներէնի թարգմանիչն է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ, միութեան «Արժանեաց» շքանշանակիր՝ եղբ. Աբրահամ Ահարոնեան, Պուէնոս Այրէսէն։