Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԵՒ ՄԵԿՈՒՍԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՏԵՆԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ՎԵՑԵՐՈՐԴ ԺՈՂՈՎԸ
Շաբաթ, 30 Մայիսի երեկոյեան ժամը 10-ին (Պէյրութի ժամով) տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային եւ Մեկուսի Վարչութիւններու ատենապետներու առցանց վեցերորդ ժողովը, նախաձեռնութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ մասնակցութեամբ միութեան 25 շրջաններու ատենապետներու։ Ժողովին ներկայ էին նաեւ Կեդրոնական Վարչութեան 11 անդամներ։
Ժողովին բացումը կատարելով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան շնորհաւորեց ժողովականներուն Մայիս 28-ը եւ նշեց նման ժողովներու կարեւորութիւնը, յատկապէս վարչական նոր կազմերու ընտրութենէն ետք։ Նման ժողովները առիթը կ’ընծայեն միութեան համահայկական ծրագիրներուն ծանօթանալու եւ իրարու գործունէութեան իրազեկ դառնալու, հաստատեց ան։
Ապա, օրակարգի ճշդուած կարգով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ զեկուցեցին յառաջիկայ ամիսներու համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ձեռնարկներու յաջողութեան համար շրջաններէն ակնկալուած աշխատանքներուն։
Անդրադարձ կատարուեցաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 13-րդ բանակումին (24 Յուլիսէն 2 Օգոստոս), «Արարատեան» կարգի եզրափակիչ հանգրուանին (21-23 Յուլիս), նաւապտոյտին (13-20 Յուլիս), քարոզչական Ա. համագումարին (20-22 Յուլիս), ցամաքամասային մարզախաղերուն (Եւրոպա, Ամերիկա, Միջին Արեւելք, 2027-ին) եւ միջ-դիւանական խորհրդաժողովին (5-6 Նոյեմբեր)։ Առանձին բաժինով մը կատարուեցան կազմակերպական ու վարչական փոխանցումներ։ Դիտել տրուեցան ընդհանրական մտահոգութիւն ներկայացնող հարցեր եւ նշուեցան անոնց լուծման քայլեր։
Ժողովականները, իրենց կարգին, ներկայացուցին լուսաբանական հարցումներ եւ ստացան համապատասխան բացատրութիւններ։
Երկու ժամուան քննարկումներէ ետք, ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան նկատել տուաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը ունի ծանր առաքելութիւն, ինչ որ մեծ պարտաւորութիւններ կը դնէ միութեան համահայկական կառոյցի պատասխանատուներու ուսերուն վրայ։ Մեր աշխատանքով, լրջութեամբ եւ անսակարկ նուիրումով մենք պարտաւոր ենք ընել ամէն ինչ, որպէսզի մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը հասնին հո՛ն, ուր Մայիս 28-ի կերտիչները կ’ուզէին տեսնել մեզ, շեշտեց ան՝ բարի ու արդիւնաշատ աշխատանք մաղթելով բոլորին։
#Homenetmen