Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սկաուտական Դրօշակը
Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական դրօշակը քառանկիւն է։ Ան բաժնուած է եռանկիւնաձեւ երկու մասի։ Երկուքին միացման գիծը կ’երկարի վերի աջ կողմի անկիւնէն մինչեւ վարի ձախ կողմի անկիւնը։ Ձախ կողմի եռանկիւնը կարմիր է, իսկ աջ կողմի եռանկիւնը՝ կապոյտ։ Կեդրոնը ներկայացուած է սկաուտական շուշանածաղիկը՝ մեծ չափով եւ «Բարձրացիր-բարձրացուր» գրութեամբ։
Դրօշակին չափերն են՝ 150x100 սմ. սրահային դրօշակներու պարագային, իսկ 180 x120 սմ. տողանցքներու ընթացքին գործածուող դրօշակներու պարագային։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի պաշտօնական եւ սկաուտական դրօշակները շրջաններուն կը տրամադրուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ։