«ԱՐՏԱԿԱՐԳ» ՇՔԱՆՇԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արտակարգ» պատուանշանը կը տրուի՝
- Միութենականի մը կամ միութեան բարեկամի մը, որ իշխանական նուիրատուութիւն կատարած է Հ.Մ.Ը.Մ.ին։
- Հայ կամ օտար անձնաւորութեան մը, որ թանկագին ծառայութիւն մատուցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ին։

Պատուանշանը հաստատուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Զ. Պատգամաւորական Ժողովին կողմէ, Ապրիլ 1995-ին։

Ստորեւ՝ մինչեւ օրս «Արտակարգ» պատուանշանի արժանացած անձնաւորութիւններուն անունները պարգեւատրման թուականներով։

ՇքանշանակիրՇրջան. Մեկուսի կամ մասնաճիւղՏուչութեան թուական
Արամ Արք. Քէշիշեան    (Այժմ կաթողիկոս)Պէյրութ17 Ապրիլ 1995
Սուրէն Արք. ԳաթարոյեանՀալէպ14 Նոյեմբեր 1993
Արսէն ՀեքիմեանՍիտնի6 Դեկտեմբեր 1995
Սարգիս Տէր ՊետրոսեանՍիտնի6 Դեկտեմբեր 1995
Պերճ ՄոմճեանՍիտնի6 Դեկտեմբեր 1995
Յովհաննէս ՄարտոյեանՍիտնէյ6 Դեկտեմբեր 1995
Փայլակ ԱդամեանՄելպուռն6 Դեկտեմբեր 1995
Պերճ ԹաշճեանՄելպուռն6 Դեկտեմբեր 1995
Արթուշ ԱղամալեանՍիտնի6 Դեկտեմբեր 1995
Զաւէն ԲրուտեանՍիտնի6 Դեկտեմբեր 1995
Արմէն ՍմբատեանՀայաստան19 Նոյեմբեր 1998
Յովհաննէս ՍերոբեանԴամասկոս20 Դեկտեմբեր 1998
Սարգիս ՊասմաճեանԴամասկոս20 Դեկտեմբեր 1998
Յակոբ ՄկրտիչեանԳամիշլի20 Դեկտեմբեր 1998
Տոքթ. Տիգրան ՉափանեանՀալէպ20 Դեկտեմբեր 1998
Ռոլանտ ՇառոյեանԵրեւան
Խորէն ՔիրազեանՍոֆիա31 Մարտ 1999
Տոքթ. Սուրէն ՊայրամեանԳահիրէ31 Մարտ 1999
Վարդիվառ ՅովհաննէսեանՊուրճ Համուտ-Փարիզ31 Մարտ 1999
Տիգրան ՊարտիզպանեանՓլովտիվ27 Ապրիլ 2002
Զաքար ՉորպաճեանՊուրճ Համուտ
Մինաս ԱդամեանԱթէնք2 Փետրուար 2003
Սերգօ ԻսկահատեանԱթէնք2 Փետրուար 2003
Կարօ ՅովակիմեանԳոքինիա2 Փետրուար 2003
Առաքել ԹերզեանՀալէպ
Ցոլակ ԹիւթէլեանՊէյրութ14 Նոյեմբեր 2008
Տիգրան ՀաճէթեանԳանատաՅետ մահու, 15 Նոյեմբեր 2008
Գեղամ Եպս. ԽաչերեանՊէյրութ7 Մարտ 2010
Ժան ԱպաճեանՃիւնի21 Յունուար 2012
Օշական Արք. ՉոլոյեանԱրեւելեան Մ. Նահանգներ6 Յուլիս 2013
Գաբրիէլ ՉեմպէրճեանՀայաստան7 Սեպտեմբեր 2015
Աշխէն ՓիլաւճեանԱրեւմտեան Մ. Ն.21 Նոյեմբեր 2015
Մուշեղ Արք. ՄարտիրոսեանԱրեւմտեան Մ. Նահանգներ12 Նոյեմբեր 2016
Զաւէն ՏէրվիշեանՀալէպ22 Դեկտեմբեր 2016
Շանթ ՀայթայեանԱրեւմտեան Մ. Ն.18 Նոյեմբեր 2017
Տոքթ Շաւարշ ՔրիսեանԱրեւմտեան Մ. Ն.24 Յուլիս 2018
Բիւրակն ՉերազՀայաստան24 Յուլիս 2018
Վարուժ ՄիրզայեանսԱրեւմտեան Մ. Ն.28 Հոկտեմբեր 2018
Շահան Արք. ՍարգիսեանՀալէպ3 Նոյեմբեր 2018
Մանուկ ՄանուկեանՀայաստան18 Նոյեմբեր 2018
Վահան ՉալիքեանԹորոնթօ24 Նոյեմբեր 2018
Սամսոն ՔահքէճեանԳէմպրիճ24 Նոյեմբեր 2018
Տիրան ՇահինեանԼաւալ25 Նոյեմբեր 2018
Գրիգոր ԳույումճեանՄոնթրէալ25 Նոյեմբեր 2018
Բաբգէն ԿարապետեանՄոնթրէալ25 Նոյեմբեր 2018
Հրաչ ՄարութեանՇուէտ9 Դեկտեմբեր 2018
Րաֆֆի ԵսայեանԼիբանան10 Մարտ 2019
Անտրէ ՍանթինիՓարիզ20 Սեպտեմբեր 2019
Սաատ ՀարիրիԼիբանան3 Հոկտեմբեր 2019
Սթիւ ԱրթինեանԱրեւմտեան Մ. Ն.10 Հոկտեմբեր 2019
Օննիկ ԳելիչիԱլմելօ7 Մայիս 2022
Տիրուհի Պարտիզպանեան-ԳրիգորեանՓլովտիվ25 Յունիս 2022
Վիգէն ԱբէլեանԱրեւմտեան Մ. Նահանգներ19 Նոյեմբեր 2022
Սագօ ԿարապետեանԱրեւմտեան Մ. Նահանգներ3 Նոյեմբեր 2023
Արիկ ԳէորգեանԱրեւմտեան Մ. Նահանգներ1 Նոյեմբեր 2024
Վազգէն Ա. Քհնյ. ԱթմաճեանԱրեւմտեան Մ. Նահանգներ24 Նոյեմբեր 2025

Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արտակարգ» պատուանշանը հաստատուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, 17 Ապրիլ 1995-ին։

Յօդ. 1 - Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը իրեն կը վերապահէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արտակարգ» պատուանշան տալու որոշումը եւ շքանշանը կը յանձնուի իր կամ լիազօր անձի մը կողմէ։

Յօդ. 2 - Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արտակարգ» պատուանշանին հետ կը յանձնուի համապատասխան լամբակի պէճ եւ հաստատագիր, որ կը կրէ Կեդրոնական Վարչութեան կնիքը, ատենապետին եւ ատենադպիրին ստորագրութիւնները, պարգեւատրման որոշումի թուականը։

Յօդ. 3 - Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը յատուկ մատեանի մէջ կþարձանագրէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արտակարգ» պատուանշանին արժանացած անձերուն անունները, նկարները եւ պարգեւատրման որոշումի թուականը։

Յօդ. 4 - Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արտակարգ» պատուանշանին կրնայ արժանանալ.-

   ա) Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը կամ միութեան բարեկամ մը, որ իշխանական նուիրատուութիւն կատարած է Հ.Մ.Ը.Մ.ին։

   բ) Հայ կամ օտար անձնաւորութիւն մը, որ թանկագին ծառայութիւն մատուցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ին։

Յօդ. 5 - Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արտակարգ» պատուանշանով կրնայ պարգեւատրել.-

   ա) Իր նախաձեռնութեամբ. այս պարագային անհրաժեշտ է նախապէս տեղեակ պահել պարգեւատրեալին բնակած երկրին Շրջանային կամ Մեկուսի Վարչութիւնը։

   բ) Շրջանային կամ Մեկուսի Վարչութեան դիմումով. այս պարագայն անհրաժեշտ է որ առաջարկին կցուած ըլլան ենթակային կենսագրութիւնը եւ «Արտակարգ» պատուանշանին պարգեւատրումին յատուկ դիմումնագիրը, որ իբրեւ «Յաւելուած» մաս կը կազմէ այս կանոնագրութեան։

Յօդ. 6 - Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը «Արտակարգ» պատուանշանով պարգեւատրուած անձին անունը կը հրատարակէ իր պաշտօնաթերթին մէջ, հայ մամուլով, նաեւ յատուկ շրջաբերականով կը յայտնէ Շրջանային եւ Մեկուսի Վարչութիւններուն, որոնք իրենց կարգին կը փոխանցեն մասնաճիւղերուն եւ շարքերուն։

Յօդ. 7- Կարելի է յետ մահու պարգեւատրել թանկագին ծառայութիւն մատուցած անձնաւորութիւն մը։